Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1964)

May 20, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեանքը Քսան Տարի Ետք

Բնակարանները Պիտի Շինուին
Նոր Նիւթերով Եւ Պիտի Ըլլան
Հանգստաւէտ Ու Երջանկաբեր

Տանտիկինները Պիտի Ձերբազատին
Տաղտկալի Գործերէ

1984-ի Տան մէջ, կեանքը մեծ չափով պիտի ազդուի այն նոր նիւթերէն, որ արդէն սկսած են տարածուիլ: Նոր բնակարանները բնականաբար պիտի շինուին նորագոյն նիւթերով եւ զանգուածային արտադրութեան նորագոյն մեթոտներով:

Նոր շինութիւնները մեծ մասամբ խնայողական տեսակի պիտի ըլլան: Տրուած ըլլալով, որ քաղաքներու կեդրոններուն մէջ հողերու գիները աներեւակայելիօրէն կը բարձրանան, շինարարական գործունէութիւնը պիտի դառնայ երկու կողմ: Մէկ կողմէ` քաղաքներու մէջ, բազմայարկ շէնքերու կողմը, սուղ յարկաբաժիններով, զորս պիտի գնեն միջին եւ յառաջացած տարիքի մարդիկ, որովհետեւ սովորաբար անոնք է, որ աւելի շատ դրամ կ՛ունենան: Միւս կողմէ` ցած շէնքերու խմբակներու կողմը, հեռաւոր թաղամասերու կամ արուարձաններու մէջ, ուր նոր համայնքներ կը ստեղծուին ընդհանուր ծրագրի մը հիման վրայ եւ ժամանակակից բոլոր դիւրութիւններով:

Նոր սերունդը մեծ մասամբ պիտի բնակի այս տեսակի տուներու մէջ: Բնակարաններուն ծաւալը պիտի չաւելնայ: Բայց 1984-ի բնակարանը այսօրուանէն աւելի շատ գործնական ու յարմարութիւններով օժտուած պիտի ըլլայ: Տան զարդարանքն ալ աւելի հաճելի եւ աւելի յարմար պիտի ըլլայ ամէն մէկ սենեակի գործածութեան: Նոր տունը պիտի ներդաշնակէ երեւութապէս աններդաշնակ երկու բան, այսինքն` զանգուածային արտադրութիւնը եւ անհատական ճաշակը: Այսինքն ամբողջ կտորներ ճարտարարուեստականօրէն, միաձեւ պիտի շինուին, որպէսզի աժան ըլլան: Բայց ամէն ընտանիք զանազան «մոտել»-ներու մէջէն պիտի ընտրէ իր նախընտրած բաղնիքը, խոհանոցը, ննջասենեակը եւ զանազան մակերեսները:

Ամէն մէկ շէնքի շինութիւնը, տեղւոյն վրայ, շատ կարճ պիտի տեւէ: Բնակարանաշինութեան ճարտարարուեստները պիտի տրամադրեն «նախապատրաստուած» մասեր, որոնց կցումը պիտի կատարուի տեղւոյն վրայ: Ամէն ընտանիք ընկերութեան ցուցահանդէսին կամ գունաւոր «ֆիկիւրին»-ներու մէջ պիտի տեսնէ իր նախասիրած եւ ապսպրելիք զանազան մասերը:

1984-ի անհատական կեանքի նորաձեւութիւնը` ընդհանրապէս պիտի ըլլայ պարզն ու գործնականը: Բազմաթիւ զարդերն ու դասական ձեւերը տեղի պիտի տան: Ինքնաշարժներու վրայէն անգամ սկսած են վերցուիլ Քրոմի ցուցադրութիւնը, վերամբարձ «պոչ»-ը եւ ուրիշ զանազան չափազանցութիւններ, եւ աւելի կարեւորութիւն տրուիլ` ապահովութեան, հանգստաւէտութեան եւ ընդհանուր գործնականութեան: Հագուստներու նորաձեւութիւնն ալ վերջերս դէպի պարզութիւն եւ դէպի գործնականութիւն այս հակումը սկսած է ցոյց տալ: Նոյնը նաեւ` բնակարանին մէջ:

***

Միջակորեար մարդը իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենայ ցանկացած կլիման, մաքուր օդ եւ խաղաղութիւն: Ցանկացած կլիմայէն զատ (տաք կամ պաղ), պիտի ընդհանրանայ նաեւ ելեկտրացոլական սալերով նոր տեսակի լուսաւորութիւնը: Տան բնակիչները պիտի ունենան բացարձակ անդորրութիւն, չյոգնեցնող լոյս եւ հաճելի մթնոլորտ` ուզուած ջերմութեամբ: Եւ այս բոլորը տրամադրութեանը տակ պիտի ըլլան միլիոնաւոր աշխատաւորներու ընտանիքներուն եւ ոչ թէ միայն ունեւորներուն:

Այս բոլորէն զատ, տունը միշտ կապուած պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի հետ` տեղեկութիւններ ստանալու եւ ժամանցի համար: Ամէն տուն  պատկերասփիւռ պիտի ունենայ: Քաղաքներու մթնոլորտը աւելի մաքուր պիտի ըլլայ, որովհետեւ գործարաններու եւ բնակարաններու ծուխը մեծ չափով պիտի պակսի:

Ելեկտրականութիւն արտադրող գործարաններէն շատեր պիտի գործեն անապական ուժով, այսինքն բնաւ ծուխ պիտի չհանեն: Բայց ճարտարարուեստական գործարաններն ալ ամբողջ ելեկտրականութեամբ պիտի գործեն: Բնակարանները եւ գրասենեակներն ալ ելեկտրականութեամբ պիտի տաքնան: Այսպիսով, քաղաքներու մէջ հանքածուխի եւ քարիւղի գործածութիւնը նուազագոյնի պիտի իջնէ:

Մեր կեանքին մէջ յեղափոխական փոփոխութիւն պիտի բերեն ելեկտրական նորագոյն բարդերը: «Գրպանի» պզտիկ բարդով մը ձեր մարմինին համար պիտի ունենաք ուզուած ջերմութիւնը եւ վերարկուի պէտք պիտի չունենաք: Ինքնաշարժներն ալ անհրաժեշտ բարդերով օժտուելով` ելեկտրականութեամբ պիտի գործեն:

***

Ընտանեկան կեանքի մէկ յեղափոխութիւնն ալ պիտի ըլլայ մեքենական սպասուհին` ռոպոթը: Այս մեքենան, նախապատրաստուած ծրագրի մը համաձայն, «պիտի սորվի» տնական որոշ գործեր ընել: Գոյութիւն ունեցող գիտական եւ արհեստագիտական տուեալներու համաձայն, մարդամեքենան պիտի կրնայ կատարել հետեւեալ գործերը. տախտակամածները աւլել ու շփել, փոշիները առնել, լուալ, սեղան շտկել (այսինքն` ծածկոց փռել, անձեռոցները եւ պնակները դնել եւ այլն): Բայց պիտի չկրնայ անկողինները վերցնել ու շտկել: Կը կարծուի, թէ տասը տարիէն կարելի պիտի ըլլայ այս տեսակ մարդամեքենայ մը շինել եւ տասը տարիէն ալ` զանգուածային արտադրութեան սկսիլ:

Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլան այսօրուան ելեկտրական մեքենաները` աւելն ու լուացքի մեքենան: Անոնք պիտի մնան: Եւ փոխանակ տանտիկնոջ կողմէ գործածուելու` պիտի գործածուին մեքենայ-սպասուհիին կողմէ: Այսինքն մարդամեքենան ճերմակեղէնները ինք պիտի չլուայ, այլ զանոնք պիտի դնէ լուացքի մեքենային մէջ ու կոճակը կոխելով` մեքենան պիտի սկսի գործել:

Ամէն պարագայի մէջ, 1984-ի տանտիկինը աւելի քիչ գործ պիտի ունենայ: Պիտի ձերբազատի տաղտկալի գործերէ, զորս պիտի կատարէ մարդամեքենան:

Թրգմ. ՎԷՆ

 

«Մուսա Տաղի 40 Օրերը»
Շարժանկարի Կը Վերածուի

Օմար Շերիֆ Կը Խաղայ Վէպի Հերոսին`
Բագրատին Դերը

Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ մեզի.-

Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա տաղի քառասուն օրերը» վերջապէս շարժանկարի կը վերածուի «Մեթրօ կոլտուին մայէր»-ի կողմէ:

Շարժանկարի պատրաստութեան պիտի ձեռնարկուի յունուար 1965-ին:

Այս տեղեկութիւնը ստացանք Օմար Շերիֆի հետ տեսակցութեան մը ընթացքին, Նիւ Եորքի «Ամերիքանա» պանդոկին մէջ: Ան արդէն իսկ ստորագրած է համաձայնութիւն մը «Մեթրօ»-ի հետ եւ պիտի խաղայ Մուսա Տաղի հերոսին դերը:

«Վստահ եմ, որ լաւ Բագրատ մը պիտի մարմնաւորեմ», յայտնեց Օմար Շերիֆ (բուն անունով` Միշէլ Շալհուպ, ծագումով` լիբանանցի):

Ասիկա երկրորդ անգամն է, որ յայտնի եգիպտացի դերասանը կը խաղայ հայու մը դերը:

Ինչպէս յայտնի է, ասկէ առաջ մարմնաւորեց հայոց թագաւորի դերը «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» ժապաւէնին մէջ, ուր դեր ունէր նաեւ Սոֆիա Լորեն:

Օմար Շերիֆ կարդացած է Վերֆելի գործը, բայց տակաւին չէ տեսած «Մեթրօ»-ի կողմէ պատրաստուած բեմագրութիւնը:

Թուրքերը գործի լծուած են նորէն եւ կը փորձեն ամէն ազդեցութիւն ի գործ դնել «Մեթրօ Կոլտուին»-ի վրայ, որպէսզի շարժանկարը չպատրաստուի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական Գ. Զարգացման Մրցումը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.