Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԷՅԻՏ ՖԱՏԼԱԼԼԱՅԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՆՇՈՒՄ

July 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի վախճանման առաջին տարելիցին առիթով երէկ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ մը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ «այն պահուն, երբ Լիբանան կը գտնուի անծանօթ եւ անորոշ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, եւ այն պահուն, երբ ներքին լարուածութիւնը հետզհետէ կը սրի, մենք սէյիտ Ֆատլալլայի հեռատես հայեացքին ընդմէջէն կը տեսնենք, թէ քաղաքական պահը բոլորին պարագային զիջում կ՛ենթադրէ` յանգելու համար միասնականութեան եւ մուտք գործելու համար պետութեան ծրագիրին մէջ»:

«Անշուշտ այդ զիջումները պիտի ըլլան պահպանելու համար երկիրը, տնտեսութիւնը, ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Բայց եւ այնպէս, այդ զիջումները չեն նշանակեր, թէ պէտք է զիջիլ նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ այլ անձնաւորութիւններու սպանութեանց դրդապատճառներուն ճշմարտութիւնը իմանալու լիբանանցիներուն իրաւունքէն», շեշտեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ դատական որեւէ հետաքննութիւն, ըլլայ ան ազգային, շրջանային թէ միջազգային, պէտք է ըլլայ երկրի մը սահմանադրութեան եւ օրինականութեան համաձայն: «Իսկ մենք, որ ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին յանձնառու մնացինք Միջազգային դատական ատեանին, կը նկատենք, որ այդ նիստին յաջորդող կառավարական գործառնութիւնները` Միջազգային դատական ատեանին առումով, հակասահմանադրական են եւ ապօրինի. այդ գործառնութիւնները զուտ քաղաքական շահերու վրայ հիմնուած էին, եւ ճիշդ այդ պահուն էր, որ սկսաւ այդ ատեանին գործունէութեան քաղաքականացումը», ըսաւ Պըրրի:

Ան հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան ետին գտնուող քաղաքական նպատակի մը գոյութիւնը յստակ է: «Անիկա գործիք մըն է շրջանին մէջ ստեղծագործ քաոսներ պատճառել փափաքող կողմերուն համար, որոնց իսկական նպատակն է շրջանին մէջ միջհամայնքային եւ միջյարանուանական սադրանքներ նախապատրաստել», աւելցուց ան:

Պըրրի յայտնեց, որ իրենք պիտի զօրակցին կառավարութեան` Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան նկատմամբ ցուցաբերուելիք վարուելակերպին առումով:

«Մեր կեցուածքները պիտի մեկնին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող բանաձեւէն եւ կը պահանջենք կառավարութենէն, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն դառնայ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ վստահութեան վերահաստատումը, որովհետեւ այդ իշխանութիւններն են, որոնք պէտք է ստանձնեն դատական այն թղթածրարները, որոնք կը սպառնան ազգային ապահովութեան», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՐՇԱՒԸ ՈՃԻՐ Է ԵՒ ՁԱԽՈՂ ԾՐԱԳԻՐ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԻՆ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.