«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ բաւական երկար ատենէ ի վեր կը խօսուէր այն ծրագիրներուն մասին, որոնք Վագըֆներու նոր օրէնքի լոյսին տակ կը նախատեսուէին Բանկալթըի Մխիթարեան միաբանութեան լայնատարած հողամասին վրայ նոր եւ հասութաբեր շինութիւններ իրականացնելու ուղղութեամբ: Հետագային այս ուղղութեամբ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է եւ խանութները պարպուած են:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը հինգշաբթի օր հաղորդած է, որ տեղւոյն խանութպանները բողոքած են իրենց խանութները պարպելու մասին հրապարակուած ազդարարագիրներուն դէմ: «Մխիթարեան վարժարանին պատկանող հարիւր կալուածները փլել կ՛ուզեն», գրած է կայքը ու նշած, որ խանութպանները ըսած են, որ պիտի չարտօնեն, որ այդ խանութները փլցուին: Անոնք ըսած են, որ իրենք այս խանութներուն օրինաւոր վարձակալներն են:
Քաղաքապետութիւնը, որ նախապէս «չեն կրնար փլել, դուք հանգիստ եղէք» ըսած էր, այժմ իր պաշտօնեաները ղրկած էր պահանջելով, որ խանութները պարպուին:
Կայքին վրայ հրատարակուած լուրին համաձայն, խանութպաններուն այս բողոքէն ետք, քաղաքապետութեան պաշտօնեաները հեռացած էին վայրէն:
«Մարմարա» կը նշէ, որ երէկ առտու Բանկալթըի պողոտային վրայ խանութները արդէն պարպուած, ամբողջովին փլատակի վերածուած են ու խանութներու այդ մասը ծայրէ ծայր պողոտայէն անջատուած էր մասնաւոր արգելակներով:


