Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆԻՍՏԻՆ

July 5, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 1 յուլիսին մասնակցեցաւ Հայաստանի դատախազութեան աշխատողի օրուան եւ դատախազութեան 93-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստի բացման:

Մասնագիտական տօնին առիթով դատախազութեան աշխատակիցները  ծաղիկներ զետեղեցին Հայաստանի դատախազութեան հիմնադիրներէն մէկուն` Պետիկ Թորոսեանի յուշատախտակին` յարգելով անոր յիշատակը: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգին ներքեւ յայտարարուեցաւ հանդիսաւոր նիստի սկիզբը:

Հայաստանի կառավարութեան անունով շնորհաւորելով դատախազութեան աշխատակիցները իրենց մասնագիտական տօնին առիթով` վարչապետ Սարգսեան մասնաւորաբար նշեց, որ դատախազութեան առջեւ դրուած խնդիրները այսօր խիստ արդիական են Հայաստանի հասարակութեան զարգացումները ապահովելու տեսակէտէն: Ըստ անոր, ժամանակակից արագ փոխուող աշխարհը նոր մարտահրաւէրներ կը դնէ կառավարութեան եւ դատախազութեան առջեւ, եւ այդ տեսակէտէն մարդկային գործօնը դատախազութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի: «Այն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին դատախազութեան համակարգին մէջ` բարելաւելու համար աշխատանքային պայմանները, կարելիութիւն տալով ձեռք բերել նոր գիտելիքներ, հետեւիլ վերաորակաւորման դասընթացքներու, ունի էական նշանակութիւն, որպէսզի մենք յաջողինք դիմագրաւել այդ նոր մարտահրաւէրները: Մեր առջեւ դրուած կարեւորագոյն եւ թիւ մէկ խնդիրը պայքարն է փտածութեան դէմ. լրջագոյն հիւանդութիւն մը, որ կայ մեր հասարակութեան մէջ, առանց որուն յաղթահարման մենք չենք կրնար կառուցել արդար ժողովրդավարական սկզբունքներով ապրող եւ առաջնորդուող պետութիւն: Այդ տեսակէտէն կարեւոր կը նկատեմ այն միտքը, որ դատախազութեան աշխատանքները պէտք է ըլլան թափանցիկ, եւ ատիկա է դատախազութեան նկատմամբ վստահութիւն ապահովելու ճամբան, ինչ որ շատ կարեւոր է դատախազութեան աշխատանքներուն արդիւնաւէտութեան բարձրացման տեսակէտէն», ընդգծեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Տիգրան Սարգսեան շեշտեց, որ դատախազութեան լաւագոյն աշխատողներ` պետական պարգեւներով խրախուսելու նպատակն է` ընդգծելով լաւագոյնները, անոնց մէջ տեսնել մեր առաջնորդները, որոնք ի վիճակի են լուծելու մեր հասարակութեան առջեւ դրուած կարեւորագոյն խնդիրները: Վարչապետ Սարգսեան շնորհաւորեց դատախազութեան աշխատողները եւ մաղթեց մասնագիտական նորանոր յաջողութիւններու ձեռքբերում:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով` վարչապետ Տիգրան Սարգսեան «Մխիթար Գոշ» մետալով պարգեւատրեց Երեւանի դատախազ, արդարադատութեան երկրորդ դասի պետական խորհրդական Հրաչեայ Բադալեանը եւ Երեւանի Շենգաւիթ վարչական շրջանի դատախազ, արդարադատութեան երրորդ դասի պետական խորհրդական Գէորգ Երեմեանը: Հայաստանի վարչապետը անուանական զէնքով պարգեւատրեց Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը: Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրուեցան Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան աւագ դատախազներ Յարութիւն Յարութիւնեան եւ Աշոտ Նատոյեան, Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան անձնակազմի բաժանմունքի պետ Վաղարշակ Վարդանեան: Շարք մը աշխատակիցներ խրախուսուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետի եւ այլ պետական նախարարութիւններու մետալներով եւ շնորհակալագիրներով:

 

 

Նախորդը

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ

Յաջորդը

ՌՈՒՍԻԱ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՏԱՐԱԾՔ ՅԱՆՁՆԱԾ Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.