Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք, միութեան սահմանը պիտի անցնի Հայաստանի Հանրապետութեան «ընդունուած» սահմաններով, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի անդամակցութեան հարցը չէ քննարկուած նոյնիսկ:
Երեւանի, Մոսկուայի, Ասթանայի եւ Մինսքի միջեւ լրագրողներու համար կազմակերպուած պատկերասփիւռային կամուրջի ժամանակ այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարեց Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի Զարգացման եւ համարկումի բաժանմունքի միջազգային գործակցութեան բաժինի պետ Անթոն Ազարով:
Լրագրողներէն մէկը հարց տուաւ, թէ Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք ուրկէ՞ պիտի անցնի միութեան ընդհանուր սահմանը, արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ մաքսակէտ պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ Ղարաբաղը պիտի դառնայ Եւրասիական միութեան անդամ: Պատասխանելով հարցումին` Ազարով ըսաւ. «Մաքսային միութեան կամ մեր որեւէ միութեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անդամակցութեան հարց քննարկուած չէ. միութեան սահմանները պիտի անցնին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս ընդունուած սահմաններով: Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի պաշտօնեայի յայտարարութիւնը յուշագրաւ էր այն առումով, որ Հայաստանի իշխանութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչները նախապէս իրենց կատարած յայտարարութիւններով յայտնած են, որ Մաքսային միութեան կամ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ սահման պիտի չհաստատուի եւ մաքսակէտ պիտի չտեղադրուի, այդ հարցը լուծուած է:
Հարցը զարգացաւ յատկապէս այն ատեն, երբ Ղազախստանն ու Պիելոռուսիան դէմ արտայայտուեցան այն գաղափարին, որ Մաքսային միութեան մէջ Հայաստանի հետ միասին յայտնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ միութեան Երեւանի անդամակցութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ պէտք է մաքսակէտ տեղադրուի: Թէեւ Հայաստանի իշխանութիւնները նաեւ բազմիցս հաստատած են, որ միութեան անդամ դառնալէ ետք Արցախի հետ սահմանի մաքսակէտ պիտի չտեղադրուի, սակայն Ազարով ճիշդ հակառակ յայտարարութիւն մը կատարեց:
Հայաստանէն պատկերասփիւռային կամուրջին կը մասնակցէր Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի հանրապետական նախագահ Արտակ Զաքարեան, որ արձագանգելով Ազարովի յայտարարութեան ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը գտնուի Եւրասիական տնտեսական միութեան աշխարհագրական տարածքին մէջ, եւ ղարաբաղեան հարցին քաղաքական լուծումէն ետք Եւրասիական միութեան մէջ համարկումի հոլովոյթները նոր ազդակ կը ստանան:
«Կը կարծեմ, որ այստեղ կայ որոշ թիւրիմացութիւն լրագրողին հարցը ընկալելու առումով: Այնուամենայնիւ մէկ բան յստակ է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ որեւէ պայմաններու մէջ մաքսային սահման գոյութիւն չի կրնար ունենալ», ընդգծեց Զաքարեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց արձագանգել Անթոն Ազարովի խօսքերուն:


