Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիֆ Ցեղասպանութեան Եւ Քեսապի Հարցերը Քննարկած Է Էրտողանի Եւ Կիւլի Հետ

May 15, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էտըմ Շիֆ
Էտըմ Շիֆ

Միջին Արեւելքին վերաբերող շարք մը հարցեր քննելու նպատակով Թուրքիա այցելած Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական պատուիրակութեան մաս կազմած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձուցած է Հայոց ցեղասպանութեան, Քեսապի հայութեան տեղահանութեան ու հայութիւնը յուզող հարցերը:

Շիֆ Էրտողանի հետ ունեցած իր անջատ հանդիպումին ընթացքին անտրամաբանական նկատած է Էրտողանի այն պնդումը, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած` որովհետեւ տակաւին հայեր կ՛ապրին Թուրքիոյ տարածքին: Ան շեշտած է, որ նման խօսք մը համազօր պիտի ըլլար անհիմն այն պնդումին, թէ քանի որ որոշ թիւով հրեաներ վերապրած են հրէական Ողջակիզումէն ետք, ուրեմն Ողջակիզում տեղի չէ ունեցած: Շիֆ նաեւ հարցականի տակ առած է Էրտողանի այն պնդումը, թէ 1915-1923-ի իրադարձութեանց շուրջ կարելի է ազատ քննարկումներ կատարել Թուրքիոյ մէջ, մինչ Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատող մտաւորականներ, պատմաբաններ կամ լրագրողներ շարունակ հալածանքի կ՛ենթարկուին եւ կը պաշտօնազրկուին:

Կիւլի հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին Շիֆ շեշտած է, որ իր ընտրատարածքին մէջ ապրող 80,000 հայերէն իւրաքանչիւրը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներէն ձեւով մը ազդուած է: «Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծնողք մը, մեծ հայր կամ մեծ մայր մը, զարմիկ մը, եղբայրներ ու քոյրեր, կամ նոյնիսկ ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած է: Անոնց ցաւը իրական է եւ վէրքը տակաւին բաց կը մնայ: Ասիկա (Ցեղասպանութիւնը) պատմութեան պատկանող յուշ մը չէ միայն: Երբ դուք կամ վարչապետը կը յայտնէք, թէ հայերու նման թուրքերն ալ վնասներ կրած են, ապա ասիկա համազօր է ըսելու, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին գերմանացիներն ալ տուժած են: Ճիշդ է, որ մեծ թիւով գերմանացի քաղաքայիններ սպաննուեցան, բայց այդ իրողութիւնը ոչ մէկ կերպով կը նուաստացնէ կամ կրնայ պատճառ դառնալ Ողջակիզման ուրացման: Նոյն տրամաբանութեամբ, կարելի չէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը, պարզապէս որովհետեւ մեծ թիւով թուրքեր մահացած են: Կ՛ըսէք, թէ պատմական յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի Ցեղասպանութեան դէպքերը հաստատելու համար, սակայն նման առաջարկ մը համազօր է ըսելու, թէ յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի` Ողջակիզման պատմական իրականութիւնը հաստատելու համար», Կիւլին ըսած է Շիֆ:

Ան նաեւ քննած է Քեսապի հայութեան տեղահանութեան ստեղծած հարցը, ինչպէս նաեւ փոքրաթիւ քեսապահայերու Թուրքիա տեղափոխման հարցը, միաժամանակ կոչ ուղղած է Անգարայի իշխանութեանց, որ Արցախի տագնապի լուծման բանակցութիւնները անջատեն Հայաստանի դէմ իրենց պարտադրած շրջափակումէն, որպէսզի կարելի ըլլայ առնուազն Թուրքիա-Հայաստան առեւտրական յարաբերութիւնները բնականոնացնել:

«Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել քոնկրեսական Շիֆին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման հարցը ուղղակի քննարկման նիւթ դարձուցած է Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ` արդարութիւն եւ իրականութեան բացայայտում պահանջելով», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները 16 Մայիսին Պիտի Այցելեն Երեւան

Յաջորդը

Ըստ Անթոն Ազարովի. Եւրասիական Միութեան Սահմանը Պիտի Անցնի Հայաստանի Հանրապետութեան «Ընդունուած» Սահմաններով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.