Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Կուտակային Կենսաթոշակային Օրէնքին Կառավարութեան Առաջարկած Նախագիծը. Դաշնակցութիւնը Ձեռնպահ Կը Քուէարկէ

May 14, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1305ՀՅԴ-խմբակցություն1Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած` կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունելու հարցը: Կառավարութեան առաջարկած նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ:

Նախքան քուէարկութիւնը քաղաքական խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները:

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ դէմ եղած է պարտադիր բաղադրիչին, եւ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին մէջ քաղաքացիին կամքի արտայայտութիւնը նկատի առնուած է:

Մինասեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան ամբողջական առաջարկները այս նախագիծին մէջ ներառուած չեն: Ըստ անոր, նախագիծը քայլ առաջ է, բայց չի լուծեր այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կը գտնուին թէ՛ «Դէմ եմ» քաղաքացիական շարժման, թէ՛ բոլորին պահանջներուն մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ իրենք լաւ կը հասկնան, որ ասիկա քայլ առաջ է նախկին կառավարութեան կարծր դիրքորոշումէն, եւ այս պատճառով Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը յստակ արտայայտեց իր տեսակէտը, որ ինք դէմ չէ այդ նախագիծին, բայց նաեւ ամբողջովին ալ համաձայն չէ, որ նախագիծը ընկալուի իբրեւ հարցի լիարժէք լուծում: «Մենք վստահաբար կը յայտնենք մեր պատրաստակամութիւնը` կառավարութեան հետ աշխատանք տանելու միջոցով վերջնականապէս պարտադիր բաղադրիչը հանելու մեր օրէնսդրութենէն», ըսաւ Մինասեան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը ձեռնպահ պիտի քուէարկէ նախագիծին:

Իսկ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ իրենց համար շատ յստակ է Սահմանադրական դատարանի որոշումը: «Դուք մեզի հարցումներ մի՛ ուղղէք: Մենք որոշած ենք ձեռնպահ քուէարկել, ընդամէնը կ՛օգնենք ձեզի: Դուք մտածեցէք, որ անցեալին ինչպէ՛ս յամառօրէն կ՛ըսէիք, թէ դուք էք ճիշդը, եւ մեզի չէիք լսեր: Մենք հիմա ձեզի կ՛օգնենք, որ այս կէս քայլը ընդունուի եւ պատրաստ ենք աշխատելու` իսկապէս բնականոն կենսաթոշակային համակարգ ունենալու համար», յայտնեց Վարդանեան:

Միւս կողմէ, խօսելով կառավարութեան ծրագիրին մասին, Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ կառավարութիւնը բոլոր քաղաքական ուժերուն առաջարկած է, որ իրենց առաջարկները ներկայացնեն կառավարութեան եւ Դաշնակցութիւնը իր մօտեցումները պիտի ներկայացնէ:

Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը այդ առաջարկներու ծրագիրը կը մշակէ, կմախքը արդէն պատրաստ է, անգամ մը եւս պիտի քննարկեն ծրագիրը եւ ներկայացնեն կառավարութեան: Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ներկայացնէ մօտ 40 կէտերէ բաղկացած առաջարկներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կառավարութիւնը հաւանութիւն պիտի տա՞յ ՀՅԴ-ի ներկայացուցած նախագիծին, Վարդանեան նշեց, որ իրենք ենթադրութիւններով չեն առաջնորդուիր, իրենցմէ խնդրած են առաջարկներ եւ պատկերացումներ ներկայացնել կառավարութեան ծրագիրին վերաբերեալ եւ իրենք պիտի ներկայացնեն:

Անդրադառնալով այն տեսակէտին, թէ արդեօք առաջարկներ ներկայացնելը կուսակցութեան չի՞ պարտաւորեցներ թեր քուէարկել կառավարութեան ծրագիրին, Աղուան Վարդանեան նշեց, որ խմբակցութիւնը ազատ է իր քուէարկութեան ժամանակ եւ որեւէ կախուածութիւն չունի: Ըստ Վարդանեանի, եթէ կառավարութիւնը իրենց ներկայացուցած առաջարկները ընդունի, բնական է, որ դէմ չեն քուէարկեր ծրագիրին: Ան աւելցուց, որ պիտի նային, թէ կառավարութիւնը ի՛նչ ծրագիր կը ներկայացնէ եւ տան իրենց գնահատականը: Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը պիտի նայի, թէ այս կառավարութիւնը կը շարունակէ՞ նախորդ կառավարութեան ծրագիրը, թէ՞ էական փոփոխութիւններ կան նոր կառավարութեան ծրագիրներուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Չեխ Պատգամաւորները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Յաջորդը

Հոլլանտ Անգամ Մը Եւս Շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.