Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս 84-32 արդիւնքով (13-19, 6-26, 6-19 եւ 7-20) յաղթանակ մը արձանագրեց Պըրժ Այնթուրայի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մեղրի Թորոսեան (14), ապա յաջորդաբար` Սանտրա Նաժըմ (12) եւ Ալիք Թապաքեան (11):
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Մութթահետ:


