Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդունելով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը`. «Մարտիրոսութեան Մէջ Հայ Ժողովուրդի Զաւակները Ունին Իրենց Պատուաւոր Տեղը» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

May 9, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-Meeting with PopeԱմենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը երէկ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին մատնանշեց Թուրքիոյ աջակցութեամբ ծայրայեղական զինեալներու կողմէ աւերումն ու հայաթափումը գերազանցապէս հայերով բնակուած Քեսապին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` նշելով. «Ճշմարիտ կերպով ըսուած է, թէ ով որ պատմութենէն դասեր չ՛առներ` ստիպուած է զայն վերապրելու: Ցաւօք, ժամանակին չդատապարտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը, աշխարհը ականատես եղաւ մէկ այլ ոճրագործութեան, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իրագործուեցաւ հրեայ ժողովուրդին դէմ: Տակաւին թարմ են յիշողութիւնները նաեւ Ռուանտայի եւ Տարֆուրի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն: Մենք քաջատեղեակ ենք, որ Ձերդ Սրբութիւնը ինչպէ՛ս Արժանթինի մէջ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, այնպէս ալ իբրեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ` իր յստակ դիրքորոշումը ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ»:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս պապին ուշադրութեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը յառաջիկայ տարի պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ այդ առիթով պապը հրաւիրեց Էջմիածին: «Հաւատաւոր մեր ժողովուրդին համար հոգեւոր մխիթարութիւն պիտի ըլլայ Ձերդ Սրբութեան եւ մեր զաւակներուն միասնական աղօթակցութեամբ Միածնաէջ Մայր տաճարէն աղօթք վերառաքել առ բարձրեալն Աստուած` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու, աշխարհի խաղաղութեան եւ մարդկութեան բարօրութեան համար», ըսաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Ան նաեւ պապին փոխանցեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին ձեռնարկած է 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման:

Ֆրանչիսկոս պապը իր արտասանած խօսքին մէջ` խօսելով մեր օրերու նահատակութեան մասին, ընդգծած է. «Իրականութեան մէջ ողբերգական դիպուածներով Քրիստոսի համար իրենց արիւնը հեղած նահատակներու թիւը անցեալ դարուն մէջ շատ աւելի է, քան առաջին դարերուն: Եւ այս մարտիրոսութեան մէջ հայ ժողովուրդի զաւակները ունին իրենց պատուաւոր տեղը (…) Նահատակներու վկայութիւնը, որ ողբերգական եւ բարձր է, պէտք չէ մոռցուի»:

Նախորդը

«Ուորլիք Ընդգծած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Տեսակէտը» Կ՛ըսէ Փսաքի

Յաջորդը

«Արցախը Չի Կրնար Տարածքային Փոխզիջման Տարբերակը Ընդունելի Նկատել» Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։