Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Պիտի Ունենան Ճէյմս Ուորլիքի Հետ

May 6, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյմս Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի արեւմտեան բաժինի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի հետ` Լեռնային Ղարաբաղի ապագային առնչութեամբ իրենց տեսակէտներն ու ակնկալիքները փոխանակելու համար:

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ասպարէզ» օրաթերթը:

Դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին հայ-ամերիկեան կազմակերպութեան ղեկավարները քանի մը կարեւոր հարցեր բարձրացուցին եւ ներկայացուցին հայ համայնքի միաձայն դիրքորոշումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի արդարացի լուծումը  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային լիարժէք ճանաչումն է: Խնդիրին ընդգրկուն եւ արդարացի լուծման հասնելու գծով Հայ դատի ներկայացուցիչները կարեւոր նկատեցին Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն:

Քննարկուեցաւ Պաքուի կողմէ յարձակողական  հռետորաբանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն լռել` թոյլ տալով Ազրպէյճանի  իշխանութիւններուն սպառնալիքներ հնչեցնել Արցախի եւ Հայաստանի հասցէին:

Շեշտուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր են բարոյական յստակութեամբ խօսիլ հարցին վերաբերեալ եւ Ազրպէյճանի բացայայտ նախայարձակումի հարցին մէջ չէզոք դիրքորոշում ընդունելու փոխարէն աջակցիլ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին:

Դեսպան Ուորլիք իր աջակցութիւնը յայտնեց Մինսքի խմբակի` «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ազնիւ միջնորդ»-ի հովանիին տակ ընթացող բանակցութիւններուն եւ խոստացաւ գտնել շրջանի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հաստատման հարցին համապարփակ լուծումը:

Ամերիկայի Հայ դատի արեւմտեան բաժինի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն ետք, դեսպանը այլ երիտասարդական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին նաեւ` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան արեւմտեան բաժինի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մեկնեցաւ:

Այնուհետեւ, Ուորլիք ընդունելութիւն կազմակերպած էր Հայկական մշակութային հիմնադրամի գլխաւոր գրասենեակին մէջ:

Ճէյմս Ուորլիք  այցելեց նաեւ Ռոզա եւ Ալեքսա Փիլիպոսներու անունով հայկական դպրոցը, ուր հիւրընկալուեցաւ 4-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ, ապա 8-րդ, 10-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ ընդհանուր հաւաքին մասնակցեցաւ:

Հանդիպումներու շարքը աւարտեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ այցելութեամբ: Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ եկեղեցիներու ու գերեզմանոցներու աւերման վերաբերեալ հարցեր:

 

Նախորդը

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Ռուսաբնակ Հայ Բարերարներ

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Դաշնակցութիւն Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.