
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նախարարութեան վերաբերող հարցերն ու զանոնք լուծելու հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախկին նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէն, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան իրագործած աշխատանքները:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:


