Սփիւռքահայ եւ լիբանանցի արուեստասէր հասարակութեան եւ արուեստագէտ շրջանակին հանրածանօթ անուն գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան ուրբաթ օր այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ «Ազդակ»-ի գեղանկարներու հաւաքածոյին նուիրեց իր իւղաներկ գեղանկարներէն «Արուարձան» անունը կրող գործը:
Նման արուեստագէտներու կողմէ հայ մամուլին նկատմամբ կատարուող իւրայատուկ քաջալերանքները կը մղեն մեզ վերանորոգ թափով շարունակելու ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ հայ մամուլի զարգացման առաքելութիւնը:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանին:


