Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Աւանդական Տոհմիկ Օր` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

May 5, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0305LokhՇաբաթ, 3 մայիսի կէսօրուան ժամը 12:00-էն 5:00 տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ. հոն համախմբուած էին ԼՕԽ-ականներ, մեծ թիւով անձեր, զետեղուած էին հայկական աւանդական ուտեստեղէններու կրպակներ, տիրական էին հայ երգն ու պարը, երաժշտութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը:

Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, նախագահութեամբ Ցոլինէ խաչատուրեանի, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետերուն տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական տոհմիկ օր, որ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանին մէջ:

Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները:  Այս առիթով ողջոյնի խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին սովորութեան վերածուած այս օրուան յաջողութեան: Ան նշեց, որ ասիկա մաս կը կազմէ ԼՕԽ-ի առաքելութեան` հայկական տոհմիկ աւանդութիւններն ու արժէքները պահպանելու առումով: Մ. Յովհաննէսեան հաստատեց, որ ԼՕԽ-ականները կառչած են ամէն ինչի, որ հայկական է եւ նախանձախնդիր են զանոնք յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու:

0305Lokh1Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ վաճառքի դրուած էին ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան», «Նայիրի», «Գայեանէ», «Աստղիկ», «Ա. Ազիրեան», «Անի», «Աշխէն», «Կարինէ», «Շուշանիկ», «Արագած» եւ «Աղթամար» մասնաճիւղերուն կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտելիքներ, համեղ ճաշեր եւ անուշեղէններ, նաեւ` ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի պատրաստութիւնները:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի պարախումբը եւ Շաքէ Պաղտասարեան:

Յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին մանուկներու համար պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը, որուն հիմնական անակնկալն էր բոլոր փոքրիկներուն սրտին մօտիկ «Ուրախ տարեդարձ» խումբին մասնակցութիւնը: Հրապարակին վրայ գտնուող մանուկները պարեցին ու երգեցին  խումբի անդամներուն հետ` ուրախութեան եւ գոհունակութեան պահեր ապրելով:

ԼՕԽ-ի գործունէութեան լայն ու բազմաբնոյթ դաշտին մէջ կու գայ աւելնալու այս նախաձեռնութիւնը, որ իր նպաստը կը բերէ Պուրճ Համուտի մէջ հայկական տոհմիկ մթնոլորտ ստեղծելու, մեր աւանդական ճաշերը նաեւ օտարներուն ծանօթացնելու, ինչպէս նաեւ գոյացած հասոյթը ժողովուրդին կարիքները հոգալու նպատակին տրամադրելու աշխատանքին:

 

Նախորդը

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով

Յաջորդը

Յարութիւն Թորոսեանի Նուէրը «Ազդակ»-ին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.