Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է. «Թուրքիոյ ցաւակցութիւնները հայերու հասցէին, որոնք զոհուած են 1915-ի իրադարձութիւններուն պատճառով, թուլութեան նշան չեն, այլ բարձր մշակոյթի ցուցանիշ»:
Ըստ անոր, իւրաքանչիւր ժողովուրդ յիշողութիւն ունի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ 1915-ի իրադարձութիւնները պէտք է օգտագործուին քաղաքական նպատակներով:
Ան նշած է, որ իրենք Հայաստանէն ցաւակցութիւն չեն ակնկալեր սպաննուած թուրք դիւանագէտներուն համար:
Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 24 ապրիլին որոշած է թրքական անձնագիրներ յանձնել ժառանգորդներուն այն հայերուն, «որոնք երկիրը լքած են 1915-ի իրադարձութիւններուն ժամանակ»: Այժմ նախարարաց խորհուրդն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛աշխատին այդ հարցին վրայ: Նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին այդ առաջարկը ներկայացուցած է Տաւութօղլուն:


