Եւրոպայի Խաղաղութեան ժողովրդավարական խորհրդարանի խումբ մը անդամներ, որոնք կը նկատուին թրքական սփիւռքի ներկայացուցիչներ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած են, որ իրենք ապրիլ 24-ին պիտի այցելեն Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ պիտի կատարեն յայտարարութիւն` Թուրքիայէն պահանջելով ճանչնալ ցեղասպանութիւնը եւ կրել Եղեռնի ամբողջ պատասխանատուութիւնը:
Կազմակերպութեան անդամ, ազգութեամբ քիւրտ, Ֆրանսայի քաղաքացի Ռոժտա Եըլտըրըմ նաեւ ուրախութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ըլլալուն համար եւ նշած, որ խորհրդարանի անդամ ըլլալով` Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին քաջալերելու համար Հայաստան կը գտնուի: «Խաղաղութեան համար այստեղ ենք եւ կ՛ուզենք, որ այս հարցը խաղաղութեամբ լուծուի: Մեր այցելութեան նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան օրն է, ցեղասպանութիւն ապրած բոլոր ժողովուրդները մեզի համար կարեւոր են, մենք կ՛ուզենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ամէն տեղ ըսուի եւ ամէն տեղ ճանչցուի», ըսած է ան:
Վերջիններուս խօսքով` իրենք կ՛ուզեն, որ Թուրքիան իր պատմութեան հետ առերեսուի եւ ճանչնայ իր կատարածները, իսկ եթէ ատիկա չըլլայ, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն պիտի չըլլայ, եւ թուրք ժողովուրդը պէտք է առերեսուի այդ ոճիրին հետ:
Անդրադառնալով իրենց կազմակերպութեան` ան նշեց, որ հիմնադրուած է Եւրոպայի մէջ եւ կապ չունի թրքական կառավարութեան հետ: Անոնք Հայաստան գալէ առաջ ալ մամլոյ ասուլիսի հրաւիրած են եւ ըսած, որ Հայաստան կու գան: «Մենք 2013-ին ստեղծուած ենք, մենք կ՛ուզենք, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ըլլայ», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ իրենք չեն պատկերացներ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն առանց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:
Կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ, սակայն բոլոր երկիրներուն մէջ խումբեր եւ աւելի քան մէկ միլիոն անդամ ունի:
Ասուլիսի միւս մասնակիցները, ազգութեամբ թուրք եւ Թուրքիոյ քաղաքացի Ալիէքպաֆ Փեքթաշ նոյնպէս նշեց, որ ուրախ է Հայաստան գտնուելուն համար: «Մենք կը ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը եւ այսօր այստեղ ենք: Մենք այսօր նաեւ ալեւիներու ձայնը այստեղ բերելու համար եկած ենք, որովհետեւ Թուրքիոյ մէկ երրորդը ալեւի է», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս թուրք գործիչը կը պատկերացնէ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հոլովոյթը, Փեքթաշ ըսաւ. «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է ներում հայցէ, հայերը ինչ կ՛ուզեն, Թուրքիան պէտք է կատարէ, մենք հայերու պահանջներուն կը զօրակցինք»:


