Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Արդիւնքներ Եւ Պատասխանի Յստակացումներ

April 18, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական աշխարհը կը նախապատրաստուի նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը եւ աշխատանքային ժամացոյցի սլաքները լարելու 100-ամեակի ուղղութեամբ: Պահանջատիրութեան բովանդակային եւ եղանակային խնդիրներ, շեշտադրումներ, պետութիւն-սփիւռք թէ՛ հռետորաբանութեան եւ թէ՛ համակարգման մեքենականութիւններու ճշդումի հարցեր, իրաւական ուղիներու որոնումներ եւ հակառակորդի ձեռնարկած ու մշակած ծրագիրներու գաղտնազերծման փորձեր:

Այս վերջին կէտն է, որ դրսեւորումի նորագոյն օրինակներով դիտարժան հանգամանք կը ստանայ եւ առնուազն նախապատրաստուելու առումով յիշելի նախադրեալներ կը փոխանցէ:

Նախ յիշենք Տաւութօղլուի տեսութիւնը: Հայկական սփիւռքը «մե՛ր Սփիւռք»-ն է: Բոլորը հրաւիրուած են վերադառնալու իրենց պապերուն երկիրը, վերատիրանալու օսմանեան Թուրքիոյ այսօրուան ժառանգորդ քեմալական հանրապետութեան քաղաքացիութեան եւ համապատասխան դիմումներ լրացնելով վերստին ձեռք ձգելու անհատական ունեցուածքները` իբրեւ ժառանգորդները նախ ցաւալի պատահարներու պատճառով հեռացածներու, յետոյ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ապահով վայրեր փոխադրուողներուն եւ վերջապէս անմարդկային տեղահանութեան ենթարկուածներուն: Այստեղ անշուշտ կ՛աւարտի թրքական «հիւրընկալութեան» եւ «բարեացակամութեան» սահմանափակ գործողութիւնը:

Մինչ, թրքական սպառնալիքները ամէն անգամ, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մէկ հաստատութեան յանձնախումբն ու ենթայանձնախումբը ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ կ՛որդեգրեն` յղելու համար իրենց գերադաս ժողովին, կը թուի, որ զուտ յայտարարողական մակարդակի վրայ են. խորքին մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղիներուն մէջ մնալու այս ընթացքը քաղաքականապէս առնուազն չ’անհանգստացներ Անգարան, որ բողոքի նման բեմադրութիւններ կը ցուցադրէ նման առիթներու:

Միջանկեալ այս կարծրացումը սակայն չի խանգարեր, որ սփիւռքահայութեան նկատմամբ պաշտօնական Անգարան շարունակէ ցուցադրել խաղաղասիրական իր դէմքը: Տաւութօղլուի տեսաբանութեան մանրանկարը կրկնուեցաւ Քեսապի պարագային, երբ տասնեակ մը տարեցներ Քեսապի պարպումին ընթացքին ապաստան գտան Կիլիկիոյ Վաքըֆի մէջ: Թրքական խոշորացոյցներու եւ լուսարձակներու առատութիւնը ակներեւ էր` անօթեւան մնացած տարեց քեսապցիներու երեւոյթը քարոզչական պետական շահարկումներու ենթարկելու իմաստով: «Հրամմեցէք»-ի այս գործողութիւնը միայն քեսապահայութեան չէր վերաբերեր անշուշտ: Սուրիոյ տագնապին ընթացքին թրքական լրատուամիջոցներ անպաշտօն ձեւով տարածեցին պաշտօնական լրահոս այն մասին, որ Անգարա կը քննարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր փակած սահմանի ժամանակաւոր բացման կարելիութիւնը Սուրիայէն խոյս տուած հայերը Թուրքիոյ վրայով Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխելու եւ համապատասխան դիւրութիւններ ընծայելու համար: Մարդասիրական նպատակներու համար այս չկայացած զիջումները դարձեալ ընդհանուր մեծ ծրագիրին մաս կը կազմեն:

Բայց տեսնենք, թէ միաժամանակ գետնի վրայ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ իբրեւ թէ սփիւռքահայութեան կարեւոր կառոյցներու պատասխանատուներու հետ երկխօսութեան մտած Անգարայի կողմէ:

Բոլոր նախադրեալները կը յուշէին, որ 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքները կարեւոր տեղ վերապահած էին Տէր Զօրին միջազգային հնչեղութիւն ապահովելու ուղղութեամբ: Նախագահ Սարգսեան Տէր Զօրի մէջ յայտարարելէ ետք, որ հայութիւնը տակաւին կը սպասէ իր Նիւրեմպերկը, Օշվիցը համեմատեց Տէր Զօրի հետ` Օշվիցի նման Տէր Զօրին միջազգային ընկալում ապահովելու ուղղութեամբ աշխատանքներու նախապատրաստութեան որոշ կէտեր փոխանցելով հանրութեան: Այս բոլորը, երբ տակաւին Դամասկոս-Անգարա մերձեցման աննախադէպ հանգրուաններ կ՛արձանագրուէին: Տէր Զօրը կարեւոր կէտ էր Թուրքիայէն օժանդակութիւն ստացած զինեալներուն համար: Տէր Զօրի հայկական կառոյցներու քանդումը այս պահու առաջնահերթ խնդիրը չէր խաղաղասիրական դիմակ հագած Թուրքիոյ համար. կը բաւէր անոր քաղաքական գործօն դառնալու ընթացքի կասեցումը:

Հայկական սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան կարեւոր միջավայրեր են նաեւ Քեսապն ու Հալէպը: Անգարան, ֆինանսաւորելով զինեալ ծայրայեղականները եւ տարանցիկ ճամբայ տրամադրելով անոնց մէկ կողմէ պատճառ կը դառնայ հազարաւոր հայերու իրենց բնօրրանէն հեռացման, միւս կողմէ` թրքական իշխանութիւններուն յանձնուած տասնեակ մը տարեցներու հոգատարութեան արարներ կը բեմադրէ միջազգային հանրային կարծիքին: Մինչ կառավարական ուժերու հակադարձ գործողութիւններու բացակայութիւնը կը յուշէ աշխարհաքաղաքական մակարդակներու վրայ տարածաշրջանային նոր սահմանագծումներու փուլ առ փուլ իրականացման գործընթացի մասին:

Այդ օրակարգը կրնայ վերաբերիլ նաեւ Հալէպին: Դէպքերու թէժացման կշռոյթը մտածել կու տայ, որ Անգարայէն ներշնչում ստացող զինեալները նմանատիպ պատկերացումներ ունէին նաեւ հայաշատ Հալէպի մասին` վերասահմանագծումներ իրականացնելու նպատակով:

Փաստը այն է, որ Տէր Զօրէն Հալէպ, անցնելով Քեսապէն ստացուած արդիւնքները կրնան տեղաւորուիլ Անգարայի ծրագրած 100-ամեակի նախապատրաստութեան պարունակին մէջ: Թէկուզ որ դէպքերու բուն շարժառիթները աշխարհաքաղաքական տարողութիւն ունին եւ ուղղակի հայկական գործօնի նկատմամբ ծրագիրներ չեն ընդգծեր: Արդիւնքն է, որ շատ հանգիստ կը տեղաւորուի հիւրընկալ հռետորաբանութեամբ Տէր Զօր, Քեսապ եւ Հալէպ ստացող Անգարայի ծրագիրներուն մէջ:

100-ամեակի շեմին սփիւռքեան հայաթափուող շրջաններուն ազդեցիկ պատասխանը Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը կրնայ ըլլալ միայն: 100-ամեակի, եւ անկէ անդին անշուշտ, բովանդակային եւ գաղափարական օրակարգ է այս մէկը հայկական կողմին համար:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.