Ֆրանսահայ համայնքի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համադրող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանէ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանէ, չորեքշաբթի 16 ապրիլին Քեսապի հարցով հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմադիր աջակողմեան (Իւ.Էմ.Փէ.) կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Քրիսթիան Ժաքոպի հետ, խորհրդարանին մէջ: Ներկայ էին նաեւ նոյն խմբակցութեան երեսփոխաններ Վալերի Պուայէ եւ Ֆիլիփ Մէօնիէ:
Հայկական պատուիրակութիւնը փոխանցեց Քեսապի հայութեան կապուած նորագոյն իրադարձութիւնները: Քննարկուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի փոքրամասնութեանց իրավիճակը եւ յատկապէս սուրիահայութեան իրավիճակը: Պատուիրակութիւնը յատուկ ընդգծեց Քեսապի հարցով թրքական ազդակը եւ ներկայացուց իր հիմնական պահանջը` ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ յստակ կեցուածք եւ ճնշում` ժիհատական ահաբեկչական խմբակներուն վրայ, որպէսզի անմիջապէս հեռանան հայաւանէն եւ իրաւատէրերը վերադառնան իրենց բնօրրանն ու երաշխաւորուի անոնց անվտանգութիւնը:
Քաջածանօթ` այս կացութեան, ինչպէս նաեւ` դժնդակ այս իրադրութեան, պատգամաւորական խմբակցութիւնը յայտնեց իր յանձնառութիւնը եւ խոստացաւ նախ եւ առաջ կառավարութեան գրաւոր հարցում ուղղել Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի յառաջիկայ լիագումար նիստերուն, յաջորդաբար 23 եւ 28 ապրիլին: Աւելի՛ն: Խմբակցութիւնը խորհրդարանի զոյգ պալատներու նիստերուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութենէն պիտի պահանջէ նաեւ յատուկ դիրքորոշում որդեգրել այս գծով եւ հրապարակաւ զայն արտայայտել իբրեւ ֆրանսական պետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւն, առանց երկդիմի կամ երկչոտ խուսանաւումներու: Վերջապէս, խմբակցութիւնը դատապարտեց նաեւ Արեւմուտքի անհիմն ու անհասկնալի լռութիւնը ի տես Քեսապի նկատմամբ գործադրուող վտանգաւոր ու յարձակողապաշտ քաղաքականութեան:
ՀՅԴ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Փարիզ
16 ապրիլ, 2014


