Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ ազրպէյճանական բանակը Նախիջեւանի մէջ լայնածաւալ ռազմափորձերու սկսած է:
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք ռազմափորձին ընթացքին պիտի օգտագործուին օդուժի համակարգերը, հակաօդային պաշտպանութիւնը, հրթիռային եւ հրետանային զօրքերը, ներառեալ` նոր եւ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխանող սարքեր:
Ռազմափորձերու ընթացքին պիտի ստուգուի Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասերու մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը, տեղի պիտի ունենայ մարտական սարքերու կիրարկման ուսուցում, ինչպէս նաեւ ժամանակակից զէնքերու օգտագործում, յանձնարարականներու աւելի արդիւնաւէտ օգտագործում, փոխադարձ գործակցութեան կազմակերպում ու ապահովում, միեւնոյն ժամանակ յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի մարտական գործողութիւններու տարբեր հանգրուաններուն տրուած յանձնարարականներու կատարման:


