Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ռաշիտ Տըրպաս, Ալիս Շըպթինի եւ Ռեմոն Արայժի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման Սալամի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:
Կառավարութիւնը քննարկեց 46 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման նշեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը պէտք է լուծել` պահպանելու համար անոնց իրաւունքը:
Նշենք, որ կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ կառավարութեան փոխանցեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդէն նամակ մը, որուն մէջ խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ հաստատած էր, որ Ս. Զատկուան տօնէն ետք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը պիտի ուղղուի աւելի լուրջ մագլցողական քայլեր որդեգրելու:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրը, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ:
Ան ողջունեց նաեւ Մաալուլայի բնակչութեան տունդարձը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներուն կողմէ դէպի իրենց վանքերը վերադարձը:
Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց Մաալուլայի մէջ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներուն սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ լրագրողները առեւանգելու արարքը, ինչպէս է պարագան լիբանանցի լուսանկարիչ Սամիր Քասսապի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան որոշումով դատաւոր Ֆաթիմա Սայեղ- Օուէյտաթ նշանակուեցաւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ:
Ժրէյժ ըսաւ, որ կառավարութիւնը վաւերացուց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը բարգաւաճեցնելու նպատակով առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ներկայացուցած ծրագիրը, որուն համար ճշդուեցաւ նաեւ 20 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որ հիւանդանոցին պիտի յանձնուի նոր տնօրէնութեան ճշդումէն ետք:
Կառավարութիւնը ընդունեց նաեւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի նախկին նախագահ Ուասիմ Ուազզանի հրաժարականը:


