«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 14 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան, Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն այցելեց Լաթաքիոյ հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցի:
Շէյխ Հասսունի կ՛ընկերակցէին Լաթաքիոյ նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան Լաթաքիոյ կառոյցին ղեկավարը, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնականներ, պետական ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:
Միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչներէն եւ ազգայիններէն տեղեկութիւն ստացաւ եկեղեցւոյ տարածքին հաստատուած Քեսապէն տեղահանուածներուն մասին, հետաքրքրուեցաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ անոնց կարիքներով, ինչպէս նաեւ մխիթարական խօսքեր արտասանեց:
Միւֆթին շեշտը դրաւ իսլամ-քրիստոնեայ եղբայրութեան եւ յատկապէս պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի կրած տառապանքին` Մեծ եղեռնին վրայ: Ապա միւֆթիին ձեռամբ պատուոյ գիր յանձնուեցաւ Քեսապի հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին` անոր կատարած դժուարին աշխատանքներուն համար:
Քեսապահայութեան անունով խօսք առաւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան, որ իր կարգին երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսունին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան:


