«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` չորեքշաբթի, 16 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն Հալէպի Նիլ թաղամասը թիրախ դարձաւ հրթիռի մը: Հրթիռի պայթումէն ստացած բեկորներու պատճառով զոհուեցաւ սուրիական բանակի զինծառայող, 1995-ի ծնունդ Գրիգոր Աշնագըլեան:
Նշենք, որ ան քանի մը ամսուան ծառայութիւն ունէր:


