
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի նախօրեակին Թուրքիոյ մէջ չեն դադրիր հակահայկական յայտարարութիւնները: Այս անգամ «սրամիտ» յայտարարութիւններ կատարած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելին` Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Հայոց ցեղասպանութեան մասին վերջերս ընդունած բանաձեւին վերաբերեալ:
«Ամէն տարի ապրիլ ամսուան ընթացքին հայկական սփիւռքի «պուպրիկները» քաղաքական դաշտ դուրս կու գան եւ կը սկսին ցոյցեր ընել` այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Անոնց, որոնք ցեղասպանութիւնը կ՛օգտագործեն մեզի սպառնալու համար, կ՛ըսեմ, որ այդ ժամանակները անցած են եւ խորհուրդ կու տամ դադրիլ այդպիսի վերաբերմունքէ: Այդ անամօթ կեցուածքին ժամանակը` Թուրքիոյ ժողովուրդը ցեղասպանութիւն իրագործելու մէջ մեղադրելու, անցած է: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ այդ բանաձեւին որդեգրումը եւ այդ դէպքը ցեղասպանութիւն որակելը մեզ ընդհանրապէս չ՛անհանգստացներ եւ որեւէ իմաստ չի ներկայացներ: Այս երկրին որոշ քաղաքական գործիչները ճամբայ կը բանան անոնց, որոնք «Բոլորս հայ ենք» կ՛ըսէին, սակայն անոնք մեզի համար միայն աղմուկ են: Այսուհետեւ ի՛նչ կ՛ուզեն, թող ընեն: Նախ թող հաշիւ պահանջեն անոնցմէ, որոնք Իրաքի մէջ, Աֆղանիստանի մէջ կրօնի համար կը սպաննեն մարդիկը, յետոյ մեր մասին կը խօսին», ըսած է Պահչելի:


