Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Խորհրդարանի «Սպիտակ Ծուխ»-ին. Պետական Պաշտօնեաներու Եւ Ուսուցիչներու Աշխատավարձերու Յաւելման Որոշումի Քննարկումը Տակաւին Լարուած Կը Պահէ Թեր Ու Դէմ Կողմերը

April 16, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1504Sit-in-R-Soloh--1Երէկ անգամ մը եւս յետաձգուեցաւ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելման որոշումի վճռումը` առաւել եւս սաստկացնելով թեր ու դէմ կողմերու կեցուածքները, ինչ որ լարուած մթնոլորտ ստեղծեց երկրին ընկերային-կրթական պատկան շրջանակներուն մէջ:

Այս իմաստով, երեսփոխանական աղբիւրներ հաւանական նկատեցին անգամ մը եւս յետաձգել որոշումի վճռումը` սպասելով յաւելման որոշումի որդեգրումի անհրաժեշտ գումարներու հայթայթման աղբիւրներու յստակացման:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ նշեալ որոշումի յօդուածները կէտ առ կէտ պիտի քննարկուին, մինչեւ որ յստակացուին անհրաժեշտ գումարի հայթայթման աղբիւրները: Պըրրի ընդգծեց, որ որոշումի որդեգրումն ու ֆինանսաւորումի անհրաժեշտ աղբիւրներու ապահովումը դրական անդրադարձ պիտի ունենան երկրին ընկերային կացութեան վրայ:

Իր կարգին, սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ, երէկ նախագահելէ ետք արտակարգ նիստի մը, սպառնաց դադրեցնել աշխատանքը, եթէ պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու ամսականներու յաւելման որոշումը անտեսէ սեփական մարզի վարժարաններու ուսուցիչները, «հակառակ տրուած խոստումներուն»: Ան սպառնաց չսրբագրել պետական քննութիւնները:

Կրթական նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց, որ լուրջ տարակարծութիւն կայ յաւելումի որոշումի ֆինանսաւորման համապատասխան աղբիւր գտնելու գծով: Ան նշեց, որ ցարդ վերջնական լուծում մը կարելի չէ եղած գտնել այս հարցին գծով:

Հաւաստի աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի մերժէ վերընդունիլ աշխատավարձերու յաւելման որոշումի առաջարկը, գէթ ներկայ փուլին: Ան իր այս կեցուածքը փոխանցած է նախագահ Սլէյմանին եւ Նեպիհ Պըրրիի:

«Ընկերային բարեկարգումները անհրաժեշտ են եւ պէտք է, որ անոնք լուրջ ըլլան», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Ան յայտնեց, որ 675 հազար լիբ. ոսկիի նուազագոյն աշխատավարձը անբաւարար է, եւ զօրակցութիւն յայտնեց աշխատավարձերու յաւելման որոշումի որդեգրումի արդար ու բարւոք գործադրութեան:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի երէկ մերժեց յաւելումի որոշումի ենթայանձնախումբի մը յղման հաւանականութիւնը: Ան զօրակցութիւն յայտնեց աշխատավարձերու յաւելման որոշումին, պայմանաւ որ անիկա լրջօրէն քննարկուի ու գործադրուի:

Երեսփոխան Ալեն Աուն իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց յաւելման որոշումի որդեգրումին` ընդգծելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը համաձայն է առիթ տալ` որոշումի լուրջ քննարկման համար:

Նշենք, որ խորհրդարանի առաւօտեան նիստի գումարման զուգահեռ, Ռիատ Սոլհի հրապարակը «ողողեցին» այս հարցին ճակատագիրով մտահոգ կողմերու շրջանակները` սպառնալով սաստկացնել իրենց քայլերը ժխտական որոշումի պարագային:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Ընդհանուր Իրավիճակը

Յաջորդը

Հայ – Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Դիտարկումը Անցաւ Առանց Միջադէպերու

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.