
Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման երէկ մօտէն հետեւեցաւ շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին եւ հրատապ հարցերու լուծման առաջադրանքներուն:
Այս ծիրին մէջ ան ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որուն հետ քննարկեց շրջանի իրավիճակն ու յատկապէս Քեսապի վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:


