Երէկ խոր սուգի մէջ հողին յանձնուեցան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի երեք զոհերէն երկուքին մարմինները: Մինչ այդ, ցաւակցական հաղորդակցութիւններն ու այցելութիւնները շարունակուեցան: Այս ծիրին մէջ, նախագահ Միշել Սլէյման դատապարտեց մամուլի աշխատակիցներուն դէմ յարձակումներն ու անոնց առեւանգման ոճրարարքները: Նախագահ Սլէյման իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնեց «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին եւ զոհերու ընտանիքներուն:
Նմանապէս անջատ հաղորդակցութիւններով իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին քաղաքական, ընկերային եւ կրօնական զանազան կողմերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` մարոնիներու Ռայի պատրիարքը, ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպել եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Նմանապէս ցաւակցութիւն յայտնեցին լրագրող-լուսանկարիչներու սենտիքան, Սուրիոյ դեսպանն ու սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան տնօրէնը:


