
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Պէյրութի օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ հերքեց իրեն վերագրուած այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, ինք դէմ է թէ՛ Մարտ 8-ի եւ թէ՛ Մարտ 14-ի կողմերու ներկայացուցիչներէն նախագահի ընտրութեան: Յայտնելով, որ իր խօսքերը իրենց հունէն շեղած են, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք ըսել ուզած է` երկու նշեալ կողմերէն ոեւէ ներկայացուցիչի թեկնածութեան ձախողութեան պարագային, պիտի ընտրուի կողմերէն դուրս այլ թեկնածու մը: «Մենք լիազօրութիւն չունինք վճռելու այս կամ այն թեկնածուին ճակատագիրը, սակայն խորհրդարանի մեծամասնութեան քուէներով ընտրուած որեւէ խումբի թեկնածու կը նկատենք մեր նախագահը ու կը զօրակցինք անոր», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:
Միւս կողմէ, ան մաղթեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբերու որոշելիք տուրքերը ըլլան այնպէս մը, որ անոնք «չսպառեն աշխատաւորներու քսակը»:


