Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ. Նահատակաց Երանացման Դատի Նախապատրաստութեան Կոչ

April 12, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

Ողջոյն Եւ Աստուածաւանդ Օրհնութիւն

eglises-catholiques-bedrosՄեր պատուական եղբայրներուն` արհի.  արքեպիսկոպոսներուն, արհի. եպիսկոպոսներուն, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներուն, արժանապատիւ քահանաներուն, յարգոյապատիւ սարկաւագներուն, առաքինազարդ քոյրերուն եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդին:

1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, համաձայն Հռոմի Սուրբ աթոռին  2007-ին հրատարակած «Մայր սրբոց» ուղեցոյցին,  կը շարունակէ Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի երանացումով սկիզբ առած դատական հոլովոյթը պաշտօնապէս բացուած հռչակելով  դժոխային Ցեղասպանութեան պատճառով նահատակուած հոյլ մը կղերականներու, կրօնաւորուհիներու եւ աշխարհական դասի երանացման դատը:

Վստահ ենք, որ սոյն երանացումը ո՛չ միայն պիտի ամրապնդէ քրիստոնէական հաւատքը հայ ժողովուրդին մէջ, այլ նաեւ մեծապէս պիտի նպաստէ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, մասնաւորաբար մինչեւ օրս լուռ մնացած պետութիւններուն եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ` միաժամանակ պանծացնելով մարդկային Արդարութիւնը, դատապարտելով Ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ գործադրած Օսմանեան պետութիւնը, վերահաստատելով հայ ժողովուրդին արդար հատուցման իրաւունքը եւ կանխարգիլելով ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը:

Առ այդ, կը խնդրենք արհի. արքեպիսկոպոսներէն, արհի. եպիսկոպոսներէն, կղերէն եւ մեր աղօթասէր հաւատացեալներէն, որ ընդառաջեն մեր կոչին իրենց աստուածահաճոյ աղօթքներով եւ վկայութիւններով, որպէսզի անհերքելի պատմական փաստարկութիւններով օժտուած մեր խնդրանք-դիմումը արժանանայ Տիեզերական եկեղեցւոյ հաւանութեան, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան ատեաններու եւ պետութիւններու զօրակցութեան:

Թող երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը եւ Զմմառու ցաւագին Տիրամայրը օրհնեն հայ ազգին  ճանապարհորդութիւնը դէպի  խաղաղութեան, արդարութեան եւ բարօր կեանքի անդաստանները:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

 

Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ
Յաւուր տասներեքերորդի ամսեանն ապրիլի յամի Տեառն 2014-ի
Ի հնգետասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ
Ի տօնի Ծաղկազարդի

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Տարածքին Հայ Մշակութային Կոթողներու Ընդհանուր Վիճակը Ցաւալի Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զաքարիա Միլտանօղլու

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Կոչը ԸԵՄՄ-ին` Քեսապի Դէպքերուն Առնչութեամբ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.