Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եագուպեան Դատապարտեց Քեսապի Դէմ Յարձակումին Մէջ Թուրքիոյ Ուղղակի Մեղսակցութիւնը

April 10, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

AncmeՔեսապի վերջին իրադարձութիւններուն մասին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը:

Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ քեսապահայութեան տարհանումին եւ դատապարտեց այդ իմաստով Թուրքիոյ ուղղակի մեղսակցութիւնը:

«Զինեալներուն Քեսապ ներխուժումը պիտի չպատահէր, եթէ թրքական ուժերը դիւրացուցած չըլլային անոնց մուտքը: Ճիշդ է որ աւանին մէջ սպանդներ չեն գործուած, հակառակ շրջանառութեան մէջ ներկայիս դրուած ապատեղեկատուութեան, սակայն զինեալները, որոնք օտար ազգութիւններու կը պատկանէին, եկեղեցիներուն խաչերը քանդած են եւ կողոպտած քեսապցիներուն բնակարանները», ըսաւ Վ. Եագուպեան:

Ան պատմական ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց Քեսապ աւանին մասին` լուսարձակի տակ առնելով քեսապահայութեան տեղահանումի տարբեր հանգրուանները` յայտնելով, որ այս իրադարձութիւնները բնակչութեան յիշողութեան մէջ արթնցուցած են Թուրքիոյ հետ հայութեան դառն փորձառութիւնը:

Քեսապահայութեան ճակատագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ հայութիւնը քարոզչական լայն արշաւի մը ձեռնարկած է`  ճնշում բանեցնելու միջազգային ընտանիքին վրայ, որպէսզի ան իր կարգին ստիպէ թրքական կողմին` Քեսապ խուժած զինեալները յետս կոչելու:

Ան աւելցուց, որ հայութիւնը նաեւ կ՛ակնկալէ, որ սուրիական պետութիւնը ապահովէ իր քաղաքացիներուն` քեսապցիներուն անվտանգութիւնն ու ապահով տունդարձը:

Քեսապահայ ծերունիներուն Թուրքիա տարուելուն մասին Եագուպեան ըսաւ, որ անոնք այն ծերունիներն են, որոնք մերժած են լքել աւանը, բայց զինեալները զանոնք խաբած են եւ Լաթաքիոյ փոխարէն տեղափոխած Թուրքիա:

«Իսկ Թուրքիոյ դէմ հայութեան սանձազերծած հակաքարոզչական արշաւը  նեղ կացութեան մատնեց Թուրքիան, որ ստիպուեցաւ զանոնք ապահով հասցնել Վաքըֆ գիւղը», եզրափակեց Վ. Եագուպեան:

 

Նախորդը

Ցամաքային Եւ Ծովային Բողոքի Տարբեր Նստացոյցերուն Լոյսին Տակ. Խորհրդարանը Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Կամաւոր Ուժերը Դարձուց Պաշտօնեաներ

Յաջորդը

Կռփամարտ. Վիք Դարչինեան Ախոյեանութեան Մենամարտ Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.