«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 94-րդ լսարանին ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը` հայոց պատմութեան նենգափոխումի թուրք-ազրպէյճանական փորձերուն մասին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան զեկուցումին խորագիրը` «Թուրք-ազրպէյճանական փորձերը հայոց պատմութեան խեղաթիւրման մէջ»: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան, փորֆ. դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան զեկուցեց թուրք-ազրպէյճանական խեղաթիւրումի փորձերուն մասին` սկսելով Աթաթուրքի շրջանէն, երբ 1920-ական թուականներուն Աթաթուրք իր հիմնած թրքական արդի պետութեան բարեկարգչական ծրագիրներուն մէջ չմոռցաւ նաեւ «բարեկարգել» թրքական պատմագրութիւնը` հայոց պատմութեան գծով: Հայրենի բանախօսը հանգամանօրէն թուեց Աթաթուրքի շրջանին թէ յաջորդող ժամանակաշրջաններուն թրքական պետական փորձերը` աղաւաղելու եւ խեղաթիւրելու պատմական ճշմարտութիւնները, յաճախ քմծիծաղի առակայ դառնալով ռուս թէ վրացի պատմագէտներու կողմէ, դոկտ. Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայր եւ որդի Ալիեւներուն, որոնց շրջանին բուռն պայքար սկսաւ հայոց պատմութեան խեղաթիւրման գծով, ինչ որ խթան հանդիսացաւ կառչելու եւ ամրագրելու հայկական ակադեմական ու պատմական հետազօտական կեդրոնները` ջրելու համար թուրք-ազրպէյճանական խեղաթիւրող սադրանքները:
Թուելէ ետք տասնամեակներու վրայ երկարող թրքական պատմագրութեան անհիմն ու զեղծարար տեղեկագրութիւնները` դոկտ. Մելքոնեան անկիւնադարձային հանգրուան նկատեց 1965 թուականը:
Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստաին այժմու կացութեան, ուր կարմիր գիծ է Արցախի կորստեան վտանգը: «Այսօր նահանջը, Արցախի կորուստը մեզի համար համազօր է հայութեան բնաջնջման», ընդգծեց Մելքոնեան` ակնարկելով ազրպէյճանական ախորժակներուն` Զանգեզուրի վրայով տասնմէկ քիլոմեթր երկարութեամբ անցքով Թուրքիոյ միանալու երազին: Արաքսի ափերէն մինչեւ Մռաւի լեռնաշղթան, 650 քիլոմեթր երկարութեամբ ռազմաճակատին անդրադառնալով` դոկտ. Մելքոնեան խիստ կարեւոր նկատեց այդ ճակատի պահպանումը: «Մենք կանգնած ենք հզօր ծառի մը վրայ, որուն բունը կարելի չէ սղոցել», ընդգծեց դոկտ. Մելքոնեան: Իսկ «Ազդակ»-ի այն հարցադրումին, թէ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Թուրքիա տենդագին լծուած է հակահայ քարոզչութեան` յաճախ «օգտագործելով» ոչ թուրք պատմաբաններ, հայրենի բանախօսը թելադրեց անտեսել նման քայլեր ու խուսափիլ թրքական ծուղակին մէջ ներգրաւուելու փորձութենէն, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական ճշմարտութիւն մըն է, որուն գծով հակաճառել կարելի չէ:


