Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի անգլերէնի բաժանմունքին եւ յարակից հետազօտական կեդրոնին ու գործակցաբար Ֆրանսական լեզուագիտական ու յարակից հետազօտական կեդրոններու, երէկ` չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ բազմալեզուութեան առնչուող միջազգային եռօրեայ գիտաժողովի եզրափակիչ նստաշրջանը:
7-էն 9 ապրիլի միջեւ գումարուած այս գիտաժողովին երրորդ եւ վերջին օրուան նիստը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
Արծարծուեցաւ արեւմտահայերէնի իրավիճակը Լիբանանի մէջ: Ծագումով ամերիկացի, լեզուագիտական դոկտորայի թեկնածու Անգը Պաթէյնէ շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ զեկուցեց «Արեւմտահայերէնը վտանգուա՞ծ է Լիբանանի մէջ» խորագիրով նիւթին շուրջ:
Բանախօսը խօսեցաւ աւելի քան տարիէ մը ի վեր Լիբանանի թէ այլ գաղութներու հայկական պատկան մարմիններուն եւ կեդրոններուն մէջ իր տարած պրպտումի աշխատանքներուն մասին: Այցելելով հայկական կրթական զանազան հաստատութիւներ (Համազգայինի Լիբանանի թէ Մարսէյի ճեմարաններ…)` ան նշեց հայ կրթական կեդրոններու եւ դպրոցներու դերը մայրենիի, իմա` Արեւմտահայերէնի պահպանման հոլովոյթին մէջ:
Ամերիկացի բանախօսը դրուատեց հայ դպրոցին ներգործօն դերը այս իմաստով` ընդգծելով պատկան մարմիններու նախանձախնդրութիւնը` մաքուր եւ կատարեալ արեւմտահայերէնի ուսուցման գծով: Ան անդրադարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այն տեսակէտին, թէ` «Արեւմտահայերէնը վտանգուած է Միջին Արեւելքի երկիրներէն Լիբանանի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրաքի մէջ»: Մեկնելով իր կատարած տեսական հետազօտութենէն եւ գործնական պրպտումներէն, Պաթէյնէ թեր ու դէմ կարծիքներ փոխանցեց այս գծով: Առարկայական հիմնաւորումներվ հարուստ իր մատնանշումներուն մէջ ան տեսականօրէն վտանգուած նկատեց արեւմտահայերէնը, մինչ որդեգրուող քայլերու եւ միջոցառումներու դիտանկիւնէն ան աւելի դրական մօտեցում ցուցաբերեց` ընդգծելով, որ այնքան ալ մտահոգիչ կերպով վտանգուած չէ անիկա: Թուելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տեսակէտին տուն տուած եւ անոր որդեգրած լեզուագիտական չափանիշները` Պաթէյնէ նշեց, որ Լիբանանի մէջ այնքան վտանգաւոր չէ արեւմտահայերէնի ապագան, որքան նկատի առնուած միւս շրջաններուն (Թուրքիա) մէջ:
«Ճշգրտօրէն պատասխնելու համար նշեալ հարցումին` նախ անհրաժեշտ է նշել, թէ ի՞նչ կը հասկնանք արեւմտայերէն, վտանգ, լիբանան, ըսելով», մատնանշեց Պաթէյնէ:
Զրոյցի աւարտին ներկաներէն ելոյթ ունեցաւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեան, որ շեշտեց, որ հայերը անցնող հազարամեակին հայոց լեզուի պահպանման գծով եղած են աւելի պաշտպանողական դիրքի վրայ եւ փորձած են միշտ կառչած մնալ իրենց հայրեինքին ու մայրենի լեզուին: Անդրադառնալով հայոց լեզուի պատմական ենթահողին` Վասիլեան ընդգծեց պատմութեան գործօնի կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ նստաշրջանի յաջորդ նիւթը անդրադարձաւ «Քաշքայ» լեզուին, զոր ներկայացուց իրանցի մասնագէտ, Սոհրապ Տոլաթխայ: Այս նիւթի աւարտին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ֆրանսահայ այցելու դասախօս դոկտ. Տօնապետեան խիստ շահեկան մեկնաբանութեամբ արծարծեց «Արցախի տէ ֆաքթօ անկախ հանրապետութեան մէջ հայոց լեզուի պահպանման հոլովոյթը, հակառակ նախապէս բանեցուած խորհրդային թէ ազրպէյճանական ուղղակի թէ անուղղակի ճնշումներուն»: Տօնապետեան այս գծով բաղդատական եզրեր նկատեց Արցախի թէ Քաշքայի պարագային` ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ մայրենի լեզուի պահպանման կարեւորութեան գծով:
Աւելցնենք, որ այս գիտաժողովին արծարծուած նիւթերուն շուրջ դասախօսութիւնները պիտի հրատարակուին առանձին հատորով:


