Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները մտադիր են այս շաբաթ խորհդարանի արտակարգ նիստի հրաւիրել:
Ըստ անոր, ոչ իշխանական չորս ուժերուն միջեւ կայ նախնական որոշում արտակարգ նիստին վերաբերեալ, սակայն ատիկա պէտք է տակաւին լրացուցիչ ձեւով քննարկուի:
Աղուան Վարդանեան նշեց, որ արտակարգ նիստը կը հրաւիրուի կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ անկէ ետք ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու նպատակով:


