Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայ Դատի Պատուիրակութիւն Մը Իբրեւ Դէտ Վանի Մէջ Հետեւեցաւ Թուրքիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն

April 7, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Aykessdan՝ Վանի պատմական Այգեստան շրջանի BDP-ի կեդրոնատեղի, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Էօզտալ Իւչէրի հետ։
Aykessdan՝ Վանի պատմական Այգեստան շրջանի BDP-ի կեդրոնատեղի, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Էօզտալ Իւչէրի հետ։

27 մարտէն 31 մարտ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի գլխաւորութեամբ եռանդամ պատուիրա­կութիւն մը Վանի մէջ որպէս դիտորդ մասնակցեցաւ Տեղական ինքնակա­ռավարման մարմիններու ընտրութիւններուն։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը եւ Հայ Դատի Պելճիքայի յանձնախումբի ատենապետ Պետիկ Պետրոսեանը։ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձ­նախումբը որպէս դիտորդ մասնակցութեան հրաւէր ստացած էր Թուրքիոյ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) Եւրոպայի ներկայացուց­չութենէն։

Դիտորդական պատուիրակութիւններ կային նաեւ Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ Գերմանիայէն։

Ipekyolu...՝ Վանի Իփեկէօլու շրջանի նախընտրական հաւաք, Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայայի հետ։
Ipekyolu…՝ Վանի Իփեկէօլու շրջանի նախընտրական հաւաք, Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայայի հետ։

Ընտրութեան նախօրէին, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի պատուիրակութիւնը Վանի մէջ այցելեց պետական, ընտրական եւ կուսակցական կեդրոններ, հանդիպումներ ունեցաւ թեկնածուներու եւ հասարական կազմակերպութիւններու հետ, մասնակցեցաւ ընտրական հաւաքներու։ Ընտրութեան օրը՝ Մարտ 30-ին, պատուիրակութիւնը ամբողջ օրը շրջեցաւ տարբեր ընտրատեղամասեր եւ ականատես եղաւ ընտրութիւններու ընթացքին։ Մարտ 31-ին, պատուիրակութիւնը հրապարակեց իր եզրակացութիւնը, որ պիտի տրամադրուի նաեւ եւրոպական համապատասխան կազմակերպութիւններու։ Եզրակացութեանմէջ յատուկ նշում կ՚ըլլայ իշխող AKP կուսակցութեան, գործակատարներուն եւ ընտրական յանձնա­ժողովներու պատասախանատուներուն կողմէ կատարուած լուրջ օրինական խախտումնե­րուն մասին:Վան քաղաքի ինչպէս նաեւնահանգի 13 շրջաններէն 11-ին մէջ ընտրուեցան BDP կուսակցութեան կողմէ պաշտպանուած թեկնածուները:

 

Van…՝ Ընտրական կեդրոնի մը մէջ։
Van…՝ Ընտրական կեդրոնի մը մէջ։
Meeting…՝ BDP կուսակցութեան գրասենեակէն ներս, քաղաքապետներ Պեքիր Քայայի, Հատիսէ Չոպանի եւ կուսակցութեան Վան քաղաքի նախագահ՝ Մուսա Իթահի հետ։
Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան գրասենեակին մէջ` քաղաքապետներ Պեքիր Քայայի, Հատիսէ Չոպանի եւ կուսակցութեան Վան քաղաքի նախագահ Մուսա Իթահի հետ

Գասպար Կարապետեանը գործուղման աւարտին ըսաւ. «Պատմական այցելութիւն էր այս, որովհետեւ ոչ միայն կը գտնուէինք մեր պատմական հողերուն վրայ, այլ նաեւ՝ այդ մասին կը խօսէինք այնտեղ ապրող ժողովուրդին, ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Շատ ջերմ էր ընդհանրապէս ժողովուրդին եւ յատկապէս՝ մեր հիւրընկալ Խաղաղութիւն եւ Ժո­ղովրդավարութիւն կուսակցութեան վերաբերմունքը մեր նկատմամբ։ Ես եւ պատուիրա­կութեան անդամ իմ գործընկերներս իսկապէս անմոռանալի օրեր ապրեցանք եւ կը մաղ­թենք, որ այս եւ նման գործընթացներ շարունակուին, ծաւալուին եւ նոր զարգացումներ ունենան»։

Հայ Դատի պատուիրակութիւնը այցելեց Ախթամար կղզի եւ Ս. Խաչ եկեղեցի։

               Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Պրիւքսէլ, 4 Ապրիլ 2014

 

Նախորդը

Պերլինի Մէջ. Դեսպան Յովհաննիսեան Հանդիպում Ունեցաւ Գերմանիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.