Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջաւախքի «Գոհանամք» Եւ Հայք» Երգի-Պարի Համոյթի Ելոյթը Այնճարի Մէջ

April 3, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Javakhk_AinjarԿազմակերպութեամբ  ՀՅԴ  Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի «ՋԱՀ» (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին,  չորեքշաբթի, 2 ապրիլ  2014-ի երեկոյեան ժամը  7:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի-պարի համոյթի ելոյթը:

 

Յակոբ Գառնէշեան
Յակոբ Գառնէշեան
Յակոբ Այնթապլեան
Յակոբ Այնթապլեան

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի-պարի համոյթի անդամներն ու Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համադրող յանձնախումբի ատենապետ Արտակ Գաբրիէլեանը:

Ան ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց Ջաւախքի հայութեան դժուարութիւնները եւ անոնց զօրավիգ կանգնելու կարեւորութիւնը` հայութիւնը իր մայրենի հողին վրայ պահելու:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց  «ՋԱՀ»` (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գառնէշեանը, որ իր կարգին ներկայացուց համոյթի Լիբանան այցելութեան նպատակը եւ յանձնախումբի գործունէութեան այլազան երեսները: Ան ողջունեց Ջաւախքի պատանիներու Լիբանան այցելութիւնը, որ խթան պիտի հանդիսանայ լիբանանահայ գաղութ-Ջաւախք կապերու ամրապնդումին:

Javakhk_Ainjar6Համոյթը` խմբավարութեամբ Նասլեթ Քէյեանի, ներկայացուց ազգագրական պարերու փունջ մը` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ:

Պատանի երգչուհի Մելինէ Օվակեան կատարեց աշուղական եւ ազգային քանի մը երգեր` արժանանալով ներկաներու  բարձր գնահատանքին:

Javakhk_Ainjar4Ձեռնարկի ընթացքին ամփոփ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Արտակ Գաբրիէլեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Ջաւախքի հայութեան հիմնական դժուարութիւնները եւ վերջին տասնամեակներուն ծաւալող արտագաղթի երեւոյթը, որ կը հայաթափէ շրջանը:

Ձեռնարկի աւարտին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց համոյթի իւրաքանչիւր անդամի, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համադրող յանձնախումբի ատենապետ Արտակ Գաբրիէլեանին:

Յայտնենք, որ խումբը Այնճար ժամանեց երէկ կէսօրին եւ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու գիւղի հիմնական կառոյցներուն` ինչպէս` գիւղի վարժարանները, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնը, քաղաքապետարանը, Մուսա լերան յուշարձան համալիրը եւ այլն…

Ջաւախքի մասին տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել համացանցի հետեւեալ հասցէին www.a-info.org

 

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողով

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայկական Հաւաստի Տեղեկատուութեան Եւ Ուղղուածութեան Վրայ Հիմնուելու Հրամայականը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.