Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայկական Հաւաստի Տեղեկատուութեան Եւ Ուղղուածութեան Վրայ Հիմնուելու Հրամայականը

April 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

21 մարտի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Թուրքիա իր սահմանը բանալով արտօնեց, որ հազարաւոր իսլամական զինեալներ ներխուժեն հայաբնակ Քեսապ գիւղաքաղաք, իսկ թրքական բանակը օժանդակեց այդ ներխուժումին: Թուրքիա պիտի չհամարձակէր առանց արեւմտեան «կանաչ լոյս»-ին այդ քայլը առնելու: Պէտք չէ մոռնալ, որ այս զարգացումէն հինգ օր առաջ տեղի ունեցած էր Խրիմի Ռուսիոյ կցումը, որ մեծ հարուած մըն էր Արեւմուտքին, եւ նկատի ունենալով, որ միջազգային քաղաքականութիւնը «ճատրակի մեծ խաղ» մըն է, Արեւմուտքը իր պատասխան քայլը առաւ Քեսապի մէջ:

Ռուսական կողմը առիթը օգտագործելով` Խրիմի հարցով արեւմտեան ապատեղեկատուութեանց պատասխանեց հրապարակելով Քեսապի զարգացումներուն մասին ապատեղեկատուութիւններու շարք մը:

Այժմ Արեւմուտք-Արեւելք այս պայքարը փոխադրուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ, որուն նախագահ, ՕԹԱՆ-ի անդամ Լիթուանիոյ կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 1 ապրիլին տեղի ունեցաւ Խրիմի մէջ մարդկային իրաւանց եւ տեղեկատուութեան ազատութեան կացութեան շուրջ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը: Ռուսական պատուիրակութիւնը մերժեց «քարոզչական շօ»-ին մասնակցիլ: Ռուսիոյ պատասխանը չուշացաւ.  Մոսկուան նոյն օրը Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` քննարկելու «հայաբնակ Քեսապ գիւղին դէմ յարձակումը» եւ այդ առնչութեամբ «իր գնահատականը» տալու:

Պէտք չէ տարուիլ այս կամ այն կողմէն հրապարակ նետուող ապատեղեկատուութեամբ, իսկ աւելի կարեւորը` պէտք չէ զայն տարածել: Զգուշանանք ներքաշուելէ մեծապետական այս անողորմ խաղին մէջ, որուն անուղղակի զոհն ենք (քոլաթըրըլ տամէյճ), եւ աշխատանք տանինք ստեղծուած կացութենէն կարելի եղածին չափ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու: Այդ մէկը կը յաջողինք իրագործել, երբ, պահելով մեր սառն դատողութիւնը, վերապահութեամբ մօտենանք օտարներու սփռած տեղեկութեանց ու արտայայտած կեցուածքներուն եւ հիմնուինք մեր հաւաստի տեղեկութեանց ու հայկական ուղղուածութեան վրայ:

 

 

Նախորդը

Ջաւախքի «Գոհանամք» Եւ Հայք» Երգի-Պարի Համոյթի Ելոյթը Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերու Ընդհանուր Պատասխանատուն Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.