Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ զօր. Աունի հետ իր հանդիպումը եղած է շինիչ եւ դրական:
Քոնելլի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մտահոգ է Հըզպալլայի կողմէ ամերիկեան դեսպանատան դէմ կատարուած ամբաստանութիւններէն` աւելցնելով, որ իրենց կարծիքով, Հըզպալլա կը փորձէ իր շարքերուն մէջ տիրող կացութենէն հեռացնել լուսարձակները եւ զայն ուղղել դէպի ամերիկեան դեսպանատուն:
Քոնելլի նշեց, որ Լիբանանի կառավարութեան մասին ամերիկեան վարչակազմին կեցուածքը կախեալ է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն եւ յատկապէս միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութենէն:
Քոնելլի հաստատեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:


