Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նամակ ուղարկեց Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարրոսոյին եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցին` Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:
«Կը ցանկանք ձեր ուշադրութիւնը գրաւել այս հարցին շուրջ եւ կը խնդրենք միջամտել ու դադրեցնել դարէ ի վեր հայերով բնակեցուած շրջանին վրայ յարձակումները», կը նշուի Գասպար Կարապետեանի նամակին մէջ:
Ան աւելցուց, որ հայերը շատ լաւ կը հասկնան Թուրքիոյ դերը ծայրայեղականներուն աջակցելու հարցին մէջ եւ կը կարծեն, որ Թուրքիա կը շարունակէ հայերուն հանդէպ իր ցեղասպան քաղաքականութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց եւրոպացի առաջնորդներուն կանգնեցնելու թրքական նախայարձակումը քեսապահայերուն նկատմամբ: Կարապետեան կոչ ուղղեց ըսելով, որ անթոյլատրելի է քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ահաբեկիչները զինելը եւ անոնց աջակցիլը: Ան կոչ ուղղեց Եւրոպային շտապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու Քեսապի տեղահանուած բնակչութեան, որ ապաստան գտած է Լաթաքիոյ մէջ:


