Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

March 27, 2014
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1.Վիտէոյի խաղերը դրական ազդեցութիւն ունին: ՃԻՇԴ: Յաճախ զանոնք կը մեղադրենք պատանիները վայրագութեան մղելու յանցանքով, մինչդեռ անոնց մեծ կարեւոր թիւ մը տրամաբանելու կ՛օգնեն:
1. Վիտէոյի խաղերը դրական ազդեցութիւն ունին:
ՃԻՇԴ: Յաճախ զանոնք կը մեղադրենք պատանիները վայրագութեան մղելու յանցանքով, մինչդեռ անոնց մեծ կարեւոր թիւ մը տրամաբանելու կ՛օգնեն:
3. Հօր տարիքը կ՛ազդէ նորածինին առողջութեան վրայ: ՃԻՇԴ: Տարեց անձի մը նորածինը աւելի ենթակայ է անբնական ըլլալու եւ լուրջ հիւանդութիւններ ունենալու:
3. Հօր տարիքը կ՛ազդէ նորածինին առողջութեան վրայ:
ՃԻՇԴ: Տարեց անձի մը նորածինը աւելի ենթակայ է անբնական ըլլալու եւ լուրջ հիւանդութիւններ ունենալու:
2. Սխտորը օգտակար է սիրտին: ՃԻՇԴ: Արդէն 3000 տարի առաջ եգիպտացիները ծանօթ էին անոր բուժիչ յատկութիւններուն: Մեր օրերուն անհերքելի է անոր կանխարգելիչ յատկութիւնը սրտանօթային հիւանդութիւններուն, բայց նաեւ որոշ տեսակի (ստինք, թոք, ստամոքս...) քաղցկեղներուն դէմ:
2. Սխտորը օգտակար է սիրտին:
ՃԻՇԴ: Արդէն 3000 տարի առաջ եգիպտացիները ծանօթ էին անոր բուժիչ յատկութիւններուն: Մեր օրերուն անհերքելի է անոր կանխարգելիչ յատկութիւնը սրտանօթային հիւանդութիւններուն, բայց նաեւ որոշ տեսակի (ստինք, թոք, ստամոքս…) քաղցկեղներուն դէ

 

5.Կլկլակը նուազ վնասակար է առողջութեան, քան` ծխախոտը: ՍԽԱԼ: Ինչ որ ալ ըլլայ ծխելու ձեւը կամ միջոցը երկուքն ալ վնասակար նիւթեր կ՛արտադրեն եւ պատճառ կը դառնան սրտի եւ թոքերու ծանր, անբուժելի հիւանդութեանց:
5.Կլկլակը նուազ վնասակար է առողջութեան, քան` ծխախոտը:
ՍԽԱԼ: Ինչ որ ալ ըլլայ ծխելու ձեւը կամ միջոցը երկուքն ալ վնասակար նիւթեր կ՛արտադրեն եւ պատճառ կը դառնան սրտի եւ թոքերու ծանր, անբուժելի հիւանդութեանց:

4. Օրական 5 ծխախոտէն նուազ ծխելը անվնաս է առողջութեան

ՍԽԱԼ: Նոյնիսկ 2 ծխախոտ ծխելով ենթական թոքի քաղցկեղի կրնայ ենթարկուիլ: Բացարձակապէս չծխելով միա՛յն կարելի է պաշտպանուիլ անկէ:

7. Ոգելից ըմպելին չի գիրցներ: ՍԽԱԼ: Իւրաքանչիւր 100 կրամ ալքոլը 7 ջերմուժ կը պարունակէ: Մօտաւորապէս 100 ջերմուժ կը պարունակէ բաժակ մը գինին:
7. Ոգելից ըմպելին չի գիրցներ:
ՍԽԱԼ: Իւրաքանչիւր 100 կրամ ալքոլը 7 ջերմուժ կը պարունակէ: Մօտաւորապէս 100 ջերմուժ կը պարունակէ բաժակ մը գինին:
6. Անօթի փորով պէտք չէ դպրոց մեկնիլ: ՃԻՇԴ: Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, թէ նախաճաշ ընող երեխաներուն բանաւոր արտայայտութիւնը եւ Այ. Քիուն աւելի զարգացած կ՛ըլլան:
6. Անօթի փորով պէտք չէ դպրոց մեկնիլ:
ՃԻՇԴ: Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, թէ նախաճաշ ընող երեխաներուն բանաւոր արտայայտութիւնը եւ Այ. Քիուն աւելի զարգացած կ՛ըլլան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

10 Խորհուրդ`
Ձեր Մազերը Առողջ Պահելու Համար

1

Երբ ձեր մազերը կը լուաք, մարձեցէք ձեր գլխուն մորթը շրջանակաձեւ շարժումներով: Հրաժարեցէք եղունգներով զայն քերթելէ: Մարձումը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը եւ դրական ազդեցութիւն կը գործէ մազերու առողջ աճին վրայ:

2

Առատ ջուրով ցօղուեցէք ձեր մազերը: Ամենալաւ շամփուէններն անգամ կրնան մնացորդներ ձգել եւ վնասել մազերուն:

3

Տաք ջուրը կը վնասէ մազերուն, զանոնք լուացէք եւ ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:

 

5. Կարելի եղածին չափ սահմանափակեցէք սէշուարի գործածութիւնը: Տաք հովը կը վնասէ մազերուն. զանոնք կը դարձնէ դիւրաբեկ եւ կը խլէ անոնց փայլքը:
5. Կարելի եղածին չափ սահմանափակեցէք սէշուարի գործածութիւնը: Տաք հովը կը վնասէ մազերուն. զանոնք կը դարձնէ դիւրաբեկ եւ կը խլէ անոնց փայլքը:
4. Եղանակի փոփոխութիւններուն հետ, տարուան ընթացքին մազի յատուկ ծեփուկներ գործածեցէք` անոնց փայլ եւ առողջութիւն ապահովելու համար:
4. Եղանակի փոփոխութիւններուն հետ, տարուան ընթացքին մազի յատուկ ծեփուկներ գործածեցէք` անոնց փայլ եւ առողջութիւն ապահովելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6

Խիստ սննդականոնի հետեւողները անխուսափելիօրէն մազի հարց կ՛ունենան: Որոշ ուտելիքներ զեղչելով անոնք մազը կը զրկեն որոշ կենսանիւթերէ եւ հանքայիններէ, որոնք չափազանց անհրաժեշտ են մազին: Որպէսզի մազերը առողջ ըլլան, չկոտրտին եւ չթափին պէտք է ճաշացուցակէն անպակաս ընեն մութ կանաչ գոյնի բանջարեղէնները, ընկոյզը, հացահատիկները, բնասպիտով հարուստ ուտելիքները, եւ այլն…

8. Պարբերաբար կտրեցէք ձեր մազերը անոնց հիւանդ ծայրամասերէն ձերբազատելու համար:
8. Պարբերաբար կտրեցէք ձեր մազերը անոնց հիւանդ ծայրամասերէն ձերբազատելու համար:
7. Օրական 2 անգամ խոզանակով սանտրեցէք ձեր մազերը, գլխուն մորթը մարձելու, փոշին եւ աղտը հեռացնելու համար:
7. Օրական 2 անգամ խոզանակով սանտրեցէք ձեր մազերը, գլխուն մորթը մարձելու, փոշին եւ աղտը հեռացնելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

9

Հրաժարեցէք ֆէրի, սէշուարի տեւական գործածութենէն, որքան որ ալ որակաւոր ըլլան անոնք, երկար ժամանակի վրայ կ՛այրեն եւ կը չորցնեն մազը:

10

Գործածեցէք որակաւոր շամփուէններ: Իսկ ամրան եղանակին եթէ օրական պիտի լուաք ձեր մազերը, ընտրեցէք երեխաներու` համեմատաբար անվնաս տեսակները:

5 Համոզիչ Պատճառներ`
Սունկ Ուտելու Համար

5-bonnes-raisons-de-manger-des-champignons_exact441x300Սունկը չափազանց առողջապահական ուտելիք մըն է: Հում թէ եփած, աղցանի մէջ թէ ապուրի, ան շատ համեղ եւ օգտակար է: Եկէ՛ք ծանօթանանք, թէ ինչո՛ւ սունկը անպակաս պէտք է ըլլայ մեր սեղաններէն:

1

Սունկը թելադրելի է սննդականոնի հետեւողներուն: Իւրաքանչիւր 100 կրամը 25 ջերմուժ կը պարունակէ, իսկ անոր պարունակած բնասպիտը ինքնաբերաբար կուշտ կը պահէ:

Սունկը հարուստ է ջուրով եւ բնաթելով, խիստ յանձնարարելի` տափակ փոր ունենալ փափաքողներուն:

2

Սունկը հարուստ է Պէ. խումբի կենսանիւթերով, որոնք կը մասնակցին մեր բջիջներու աճման, ուղեղի լաւ գործունէութեան, մարմնի դիմադրականութեան, եւ այլն…

3

Սունկը միայն բոյսն է, որ հարուստ է Տէ. կենսանիւթով: Ինչպէս ծանօթ է, այս կենսանիւթը շատ կարեւոր դեր կը կատարէ` նպաստելով, որ կիրը հաստատուի մեր ոսկորներուն վրայ: Նոյն այս կենսանիւթը նաեւ կը պաշտպանէ օսթէօփորոզէ, ինչպէս նաեւ` ստինքի քաղցկեղէ, շաքարախտէ, աղիքային հիւանդութիւններէ եւ սրտանօթային անհանգստութիւններէ:

4

Սունկը հրաշալի դեղ է աղիքներուն եւ մարսողութեան: Անոր պարունակած բնաթելերը կը կանոնաւորեն աղիքներու գործունէութիւնը եւ կը կանխարգիլեն պնդութիւնը:

5

Ճերմակ սունկը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը: Սունկի գործածութիւնը կը պաշտպանէ բջիջները ծերանալէ, շնորհիւ իր պարունակած սէլէնիոմին:

 

Խոհագիր

Սունկով Աղցան

93892586Բաղադրութիւն

3-էն 4 հատ պզտիկ գետնախնձոր
10-էն 12 հատ թարմ սունկ
Սեւ ձիթապտուղ (ըստ ճաշակի)
Կանաչ սոխ
Մանրուած ազատքեղ
Ձիթաիւղ
Կիտրոնի հիւթ
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
Քանի մը տերեւ թարմ անանուխ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները խաշել, կեղուել, չորսի բաժնել եւ դնել խորունկ ամանի մը մէջ:

Աւելցնել մաքրուած եւ երկուքի կիսուած թարմ սունկերը:

Աւելցնել կուտը հանուած ձիթապտուղը, մանրուած կանաչ սոխը, ազատքեղը, անանուխը եւ ճզմուած սխտորը:

Խառնուրդին աւելցնել կիտրոնի հիւթով, ձէթով, աղով եւ պղպեղով պատրաստուած թացանը:

Խառնել եւ հրամցնել մսեղէնի մը կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես քո լոյսն էի,
Քո լուսաբացը,
Բայց ո՞վ էր, ի՞նչ էր
Քո որոնածը:

Ես քո յոյսն էի,
Քո արդար հացը,
Բայց ո՞վ էր, ի՞նչ էր
Քո որոնածը:

Քո տան սիւնն էի,
Քո մեղքն ու լացը,
Բայց ո՞վ էր, ի՞նչ էր
Քո որոնածը:

Էլի քո ջուրն եմ
ու ջրաղացը…
Թող բարի լինի
Քո վերադարձը:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1964)

Յաջորդը

Մուշեղ Իշխանի Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով. Բանաստեղծութեան, Լեզուի Եւ Յարակից Հարցերու Մասին

RelatedPosts

Հայկական Ղափաման Որպէս Գոհաբանութեան Տօնի Սեղանի Գլխաւոր Ուտեստներէն Մէկը
Կնոջական

Հայկական Ղափաման Որպէս Գոհաբանութեան Տօնի Սեղանի Գլխաւոր Ուտեստներէն Մէկը

November 26, 2026
Հոգեբանին Կարծիքով.  Մանուկին Առաջին Եւ Կարեւորագոյն Ամրոցը Անոր Տունն Է
Կնոջական

Հոգեբանին Կարծիքով. Մանուկին Առաջին Եւ Կարեւորագոյն Ամրոցը Անոր Տունն Է

November 19, 2026
Հետաքրքրական.  Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը
Կնոջական

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը

November 12, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։