Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՊԻՏԱԿ ԱՄՊԵՐ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ)

July 1, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-ին, Պոլսոյ մէջ, «Մուրատ Օֆսէթ» տպարանէն լոյս տեսաւ պոլսահայ բանաստեղծ Վարդ Շիկահերի «Սպիտակ ամպեր» խորագրեալ քերթողագիրքը, մեկենասութեամբ` Աբիկ Հայրապետեանի:

Հատորը կը բաղկանայ 88 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 31 բանաստեղծութիւններ:

Հեղինակը ծնած է Պոլիս, 1926-ին: Քանի մը տարի յաճախելէ ետք Մաքրուհեան ու Էսայեան վարժարանները, անցած է Վիեննական Մխիթարեան վարժարան եւ աւարտած 1944-ին: 1951-ին աւարտած է Պոլսոյ բժշկական համալսարանը: 1957-ին եղած է մասնագէտ` սրտի եւ ներքին հիւանդութեանց: 1968-ին արժանացած է նոյն ճիւղերու մէջ «Տոցենդ» տիտղոսին: 1944-1945 տարեշրջանէն մինչեւ 1981, դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ գրականութիւն` Վիեննական Մխիթարեան եւ Էսայեան Լիկէոններու եւ Ֆէրիգիւղ միջնակարգ վարժարանին մէջ:

Դպրոցական տարիներէն սկսեալ աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին, մասնաւորաբար «Մարմարա» օրաթերթի գրական էջերուն` ստորագրելով բանաստեղծութիւն, պատմուածք, նորավէպ, մենագրական եւ գրադատական յօդուածներ եւ քրոնիկներ:

Առանձին հատորներով հրատարակած է հետեւեալ երկերը.-  «Լուսայգ» 1989, բանաստեղծութիւն, «Մխիթարեանի պարտէզէն» 1992, յուշագրութիւն, «Չորս տող միայն» 1993, քառեակներ, «Նոյն արեւուն տակ» 1996, քրոնիկներ, «Բարի աստղի տակ» 1999, քերթուածներ, «Հերկ ու բերք» 2001, ատենախօսութիւններ, «Իմացումներ եւ ապրումներ» 2006, «Երեք ահաւոր փորձանք» 2007, «Թառէ թառ» 2008, արձակ եւ քերթուած, «Սպիտակ ամպեր» 2010, քերթուածներ:

Հատորի հիմնական ենթահողը կը կազմեն հայ ժողովուրդի ազգային եւ կրօնաշունչ աւանդները:

Այս յղացքով հեղինակը ակնածանքով կը նայի «Տաճարներու խորանի բարձրակէտին քանդակուած»` Է. նշանագիրին, խնդրելով Աստուծմէ, որ այդ երկնապարգեւ տառը պահպանէ հայ ազգի աշխարհասփիւռ զաւակները:

Կը պանծացնէ յիշատակը Մեսրոպ Մաշտոցին` հայոց լեզուն «լոյս տառերով պսակելուն» համար: Կ՛այցելէ Մաշտոցի սրբավայրը, ուր կ՛աղօթէ վեհանուն սուրբին եւ առաջին ուսուցչին սրբատաշ շիրմաքարին առջեւ:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը բարկացայտ շեշտով չէր յանդիմաներ մեղապարտ անձերը, այլ կը դաստիարակէր եւ կը պահէր զանոնք ուղիղ ընթացքի մէջ` զգաստութեան կոչեր ուղղելով անոնց:

Վարդ Շիկահեր կը թուէ նաեւ բնորոշ գիծերը Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթարգիրքին իբրեւ «Սուրբ քերթութեան» գլուխ գործոց մը անստգիւտ», ուր մեղաւոր մարդոց զղջումները կ՛արժանանան ներումի:

Բանաստեղծը կը սիրէ նստիլ ծովափը եւ դիտել սպիտակ ամպերը, որոնք կ՛անցնին երկինքէն` կարապներու նման: Անդիմադրելի յուզումով մը երբ կը նայի այդ գռո՜ւզ ամպերուն, իրեն այնպէս կը թուի, թէ անոնք`

«Իղձերն են մեր հոգիին.
Տենչեր, երազներ անմեղ,
Մեղմօրօր երգ ու տաղեր,
Աղօթք, աղերս, հայցուածք`
Հասած` երկնի խորանին»:

Երկհազարեակի սեմին բանաստեղծը կը խնդրէ Տիրոջմէ, որ կենսախայտ պահէ մեզ` մշտավառ պահելով մեր էութեան տաճարներուն կանթեղները: Կը խնդրէ Արարիչէն, որ փրկէ մեզ չարաղէտ փորձանքներէ, որպէսզի կարենանք գոյատեւել եւ ապրիլ երկար տարիներ: Ապա, կ՛աղերսէ Աստուծոյ, որ օրհնէ մեզ, որպէսզի`

«2000 տարւոյ մուտքին`
Երկնի կապոյտն, աստղ ու արեւ
Հային մեզի խանդագորով.
Ծառեր` աշնան կամ ձմրան մէջ
Գեղ ու դալար զգենուն.
Բարունակներ տերեւախիտ
Քարին բունին երկնուղէշ
Ու պարտէզներ ամէնուր
Ծաղկազուարճ մեզ կանչեն»:

Հեղինակը կ՛արտայայտէ այն միտքը, թէ հողը, եկեղեցին եւ դպրոցը կը հանդիսանան գլխաւոր կռուանները հայ ազգի գոյութեան: Բացայայտելով յիշեալ մտածումը` կ՛ըսէ, թէ մշակը սերմեր կը ցանէ դաշտերու մէջ, որպէսզի բեղմնաւորէ հայոց երկիրը ցորեանի ատոք հունձքերով: Քահանան կը ծառայէ եկեղեցւոյ մէջ ամուր պահելու համար մեր սրբազան հայրերուն հաւատքը: Իսկ ուսուցիչը սերունդներ կը դաստիարակէ ջամբելով անոնց իմացական լոյս եւ գիտութիւն: Եզրափակելով վերոյիշեալ պատկերաւոր բացատրութիւնը` հեղինակը կ՛ըսէ, թէ մշակը, քահանան եւ ուսուցիչը օր մը անպայման կը հեռանան այս աշխարհէն, բայց հայրենի հողը, եկեղեցին եւ կրթական օճախը կը մնան անմահ…

Հատորին յաջորդ քերթուածներով Վարդ Շիկահեր կ՛արծարծէ այլազան նիւթեր: Կ՛ըսէ, թէ Ամանորի առիթով կը բաղձայ, որ մարդիկ ապրին սիրոյ եւ ցնծութեան մթնոլորտին մէջ եւ չզրկուին իրենց արդար իրաւունքներէն:

Կը ցանկայ, որ ընդերկրեայ հանքերու մէջ աշխատող բանուորները զոհ չդառնան մահացու արկածներու, այլ ամէն երեկոյ վերադառնան տուն ողջ ու ապահով:

Պէտք է ըսել, որ «Սպիտակ ամպեր» խորագրեալ քերթողագիրքը համադրոյթն է մարդասիրական ապրումներու: Սոյն գործով ի յայտ կու գայ հայոց լեզուի քաջածանօթ բանաստեղծը, որ կ՛աղօթէ մարդ էակի երջանկութեան համար եւ իր աղօթքները կ՛ընծայէ Աստուծոյ` կրօնազգաց արուեստագէտի եւ ազգասէր հայու մաքուր ու անկեղծ զգացողութեամբ…:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Նախորդը

ՄԱՐԻ-ՌՈԶ ԱՊՈՒՍԵՖԵԱՆԻ ՆՈՐ ԱՅՑԸ

Յաջորդը

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾԱՂԿՈՑԻ ԵՒ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։