Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Կը Հաստատէ

March 21, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարաք Օպամա
Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Խրիմի հարցով ռուս պաշտօնատարներու դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարեց: Ան նաեւ ըսաւ, որ ստորագրած է հրաման մը, որ Միացեալ Նահանգներուն կ’արտօնէ ռուսական տնտեսութեան մարզերուն դէմ պատժամիջոցներ հաստատել:

Օպամա ըսաւ. «Ռուսիա պէտք է գիտնայ, թէ յաւելեալ մագլցումը զայն միջազգային ընտանիքէն աւելի եւս կը մեկուսացնէ»` աւելցնելով, որ իր երկիրը մտահոգութեամբ կը հետեւի Հարաւային եւ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ նոր պատժամիջոցներու թիրախները Խրիմի մէջ շահեր ունեցող 20 ռուս անհատներ են, որոնց շարքին են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի սերտ շրջանակի անդամներ եւ անձնակազմի ղեկավար Սերկէյ Իվանով: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտնեց, որ պատժամիջոցի ենթարկուած ռուսական դրամատունը «Պանք Ռոսսիյա»¬ն է: Ռուսիա յայտարարեց, որ իր կարգին պատժամիջոցներ կը հաստատէ աւագ ծերակուտականներ Հարրի Ռիտի, Ճոն Պայնըրի եւ Ճոն ՄքՔէյնի դէմ:

Օպամա երէկ աւելի կանուխ նշած էր, որ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը շարունակուին: «Մենք մեզ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական քայլի մը մէջ պիտի չմտցնենք», նշած էր ան` աւելցնելով. «Մեզի համար անհետացած մալեզիական օդանաւի փնտռտուքը բացարձակ առաջնահերթութիւն մըն է»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը` Տուման երէկ վաւերացուց Խրիմի` Ռուսիոյ միանալու մասին նախագիծը: Խորհրդարանի վերին պալատը` Դաշնակցային խորհուրդը այսօր իր կարգին պիտի քննարկէ նախագիծը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Տումայի առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը «ապօրինի» է եւ «միջազգային օրէնքի վրայ չէ հիմնուած»:

Ան ըսաւ, որ Խրիմի կցումը կարեւոր է` պաշտպանելու համար ծագումով ռուսերը «ազգայնականներէ, հակասեմականներէ եւ այլ ծայրայեղականներէ, որոնց վրայ կը յենին (Ուքրանիոյ) նոր իշխանութիւնները»:

Մինչ այդ, Ուքրանիոյ խորհրդարանը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կոչ կ’ուղղէ Խրիմի թերակղզիին ազատագրութեան համար կռուելու:

Տաւութօղլու Խրիմի Հանրաքուէի
Արդիւնքը Անընդունելի Կը Գտնէ

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Խրիմի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն եւ ատոր արդիւնքները անընդունելի են: Ան նշած է, որ ակնյայտ է, որ ՄԱԿ¬ը կորսնցուցած է որոշում կայացնելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ միջազգային համակարգը չի կրնար ստեղծուիլ այնպիսի «խաղերու հիման վրայ», որոնք կապուած են վեթոյի իրաւունքին հետ:

Տաւութօղլու նշած է, որ Թուրքիա ջանքեր կը թափէ, որ Խրիմի թաթարները դժուար իրավիճակին մէջ չտուժեն:

Նախորդը

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Հոսնի Բերդը

Յաջորդը

Աւստրալիան Հրապարակած Է Անհետացած Օդանաւի Բեկորներու Հաւանական Լուսանկարները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.