Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էսթոնիոյ Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ Մերձպալթեան Շրջանին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Օթան-Ի Ներկայութիւնը Մեծցնելու

March 20, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իլվես եւ Պայտըն
Իլվես եւ Պայտըն

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Էսթոնիոյ նախագահ Թոմաս Հենտրիք Իլվես յայտնած է այն կարծիքը, թէ Պալթեան շրջանին մէջ պէտք է աւելցնել Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի ներկայութիւնը:

Էսթոնիոյ նախագահը եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն երեքշաբթի օր Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ քննարկած են ՕԹԱՆ-ի հաւաքական պաշտպանութեան մաս կազմող Եւրոպայի հաւաքական անվտանգութեան երաշխիքները:

«Պալթեան շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի ներկայութեան զգալի մեծացման ուղղուած կայուն եւ յուսալի լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը ակնյայտ է», յայտարարած է Իլվես:

Իբրեւ համերաշխութեան եւ հաւաքական անվտանգութեան բարձրացման օրինակ Էսթոնիոյ ղեկավարը նշած է Միացեալ Նահանգներու զինուորական օդուժի 6 «Էֆ-15 ՍԻ» կործանիչները, ինչպէս նաեւ` երկու «Քէյ.Սի.-135» լիցքաւորիչ օդանաւեր ուղարկելու ՕԹԱՆ-ի որոշումը` Պալթեան երկիրներու օդային տարածքի պաշտպանութեան առաքելութեան կազմին մէջ:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Պայտըն իր կարգին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի աշխատին Պալթեան երկիրներու ուժանիւթի աղբիւրներու աւելի մեծ տարատեսակութեան ապահովման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ` վերապատրաստման նպատակով պիտի ուսումնասիրեն շրջանին մէջ ցամաքային ուժերու եւ ծովուժի վերատեղաբաշխման կարելիութիւնը:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ իր երկիրը հաւատարիմ կը մնայ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներուն աջակցելու մտադրութեան` անոնց դէմ զինուորական յարձակումի պարագային:

Իլվես իր կարգին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ գործերուն Ռուսիոյ միջամտութեան Եւրոպական Միութեան պատասխանը «պէտք չէ ազդէ կազի սակագիներուն վրայ»:

Նախորդը

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Մեծ Թիւով Նախարարներու

Յաջորդը

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Միացեալ Նահանգներու Մէջ Սուրիացի Դիւանագէտներու Աշխատանքներու Դադրեցումը Չի Նշանակեր Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Խզում

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.