Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղ. Հայ Սկաուտի Օրուան Նշում

March 17, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1587«Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսին հետեւելով` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը նշեց հայ սկաուտի օրը` շաբաթ 1 եւ կիրակի 2 մարտ 2014-ին. շաբաթ օր` օժանդակելով հայ կարիքաւոր ընտանիքի մը, իսկ կիրակի օր` տողանցքով, որմէ ետք` «Հայ սկաուտի օր»-ուան նուիրուած ձեռնարկով:

Շաբաթ օրը բաժնուած էր զանազան հանգրուաններու: Առաջին հերթին կարիքաւոր ընտանիքի անդամները այցելեցին վարսայարդարի, ուր բոլոր անդամներուն յատուկ խնամք տրուեցաւ, ապա ընտանիքի անդամները, խմբապետներու ընկերակցութեամբ, ընտրեցին իրենց նոր հագուստներն ու կօշիկները, ինչպէս նաեւ ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութ, ուր ստացան տարբեր տեսակի պատմութեան գիրքեր:  Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի «Պատկեր» ճաշարան` հայկական համեղ պատառ մը ուտելու:  Իսկ անկէ ետք Ժիւնիէ շրջանին մէջ ճոպանուղիով բարձրացան դէպի Հարիսա, ուր Մայր Աստուածածնի արձանին մօտ աղօթելէ ետք վերադարձան դէպի «Սիթի մոլ»-ին կից գտնուող խաղավայրը:

IMG_1609Օրուան աւարտին անոնք այցելեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի ակումբը, ուր ունեցան խորովածի երեկոյ մը` մասնաճիւղի սկաուտներու պատրաստութեամբ:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտները այս աշխատանքով, դարձեալ փաստեցին, որ իրենք կը հետեւին «Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսին:

Կիրակի, 2 մարտ 2014-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը պաշտօնական հանդիսութեամբ  նշեց «Հայ սկաուտի օր»-ը : Առաջին հերթին տողանցեցին  Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, որմէ ետք սկիզբ առաւ տօնակատարութիւնը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, Շրջանային խմբապետութեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ` ծնողներու եւ բարեկամներու:

IMG_1569Ձեռնարկը սկիզբ առաւ «Ով հայ արի» երգով` կատարողութեամբ մասնաճիւղի արի խումբի անդամներուն, որմէ ետք, խմբապետական կազմին անունով բացման խօսքը կարդաց Ալին Արապաղեան: Ան ըսաւ,  թէ «Հայ սկաուտի օրը կը տօնենք փետրուար ամսուան ընթացքին, որովհետեւ փետրուար ամիսը կը զուգադիպի համաշխարհային սկաուտութեան հիմնադիր Լորտ Պէյտըն Փաուըլի ծննդեան ամսուան, իսկ հայութեան համար այս ամիսը յատկանշուած է` Վարդանանցով, Փետրուարեան ապստամբութեամբ, արցախեան ազատագրական շարժմամբ:

Բացման խօսքէն ետք սկաուտները կատարեցին գեղարուեստական յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր` երգ, նուագ, ասմունք, պար, բուրգ, տեսերիզի ցուցադրութիւն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով:

Նախորդը

Հայութեան Նպաստող Օրինակելի Նախաձեռնութիւն Գերմանիոյ Մէջ

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Դուք Կատարեալ Եղէ՛ք, Ինչպէս Ես Կատարեալ Եմ»…

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.