Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Դուք Կատարեալ Եղէ՛ք, Ինչպէս Ես Կատարեալ Եմ»…

March 17, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր, «երկրորդ կիրակի քառասնորդաց» ունի այս խորագիրը. «Արտաքսումն Ադամայ ի դրախտէն»: Ս. Մատթէոսէն կարդացուած աւետարանն ունի «Դուք էք լոյսն աշխարհին», «Եկած եմ օրէնքը լրացնելու» եւ «Կատարեալ եղէք» երեք բաժինները (Մտթ. 5,13-30), որոնք Յիսուս Քրիստոսի սրտէն ու բերնէն ուղղակի մէջբերուած խօսքերը կը փոխանցեն մեզի` իբրեւ անձ եւ հասարակութիւն:

Գիտես, մեր Աստուածային Վարդապետը, մարդաճանա՛չ, մարդամօ՛տ ու մարդասէ՛ր, միայն կ՛ուզէ մեր օգուտը, մեր բարօրութիւնը, մեր երջանկութիւնը, որուն հասնելու համար այսօր ալ կու տայ իր թելադրանքները: Անոնց «լուծը քաղցր է եւ բեռը` թեթեւ» (Մտթ. 11,30):

«Դուք էք աղը երկրին»:

Մեր արարքներով եւ խօսքերով չկորսնցնենք մեր աղին համը, որ չթափուի ու չկոխկռտուի: Մեր բարի՛ գործով եւ մեր ազնի՛ւ խօսքով համեմենք մեր շրջապատը:

Կը յիշեցնեմ Իմաստունին խօսքը, որուն դիմաց երկիրն ու երկինքը պիտի անցնին, բայց ան կը մնայ.«Լաւ է աղը, բայց եթէ կորսնցնէ իր համը, ինչո՞վ նորէն կը համեմեն զայն… Այլեւս անպէտ կը դառնայ թէ՛ հողին, թէ՛ աղբին համար, եւ կը թափեն դուրսը: Ով որ ականջ ունի լսելու, թո՛ղ լսէ» (Ղկ. 14,34-35):

Ս. Պօղոս առաքեալը կ՛արձագանգէ զինքն իր մոլեռանդ կուրութենէն ազատագրած Տիրոջ սահմանումին.«Ձեր խօսքերը միշտ թո՛ղ ըլլան հաճելի` աղով համեմուած, իւրաքանչիւրին պատշաճօրէն պատասխանելու եղանակով» (Կող. 4,6):

«Դուք էք լոյսը աշխարհին»:

Նայի՛նք մեր միջավայրին եւ անկեղծ ըլլա՛նք ընդունելու, որ մեր լոյսը աղօտ է, մեր լոյսը մարած է: Որովհետեւ «լոյսը» կ՛առնենք մե՛ր գործէն, մե՛ր խօսքէն ու մե՛ր ինքնահաւանութենէն, փոխանակ լոյսն առնելու Յիսուսէն: Անոր «լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ» իսկ (Յվհ. 1,5), քանի «Ան է ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով` կը լուսաւորէ ամէն մարդ» (Յվհ. 1,9):

Արդ, Ս. Ներսէս Շնորհալիին գովերգող սրտով հայցե՛նք մեր Փրկիչէն.«Լո՜յս, Դուն ծագումն Լոյսէն, արդար Արեգակ, Հօր անճառելի Ծնո՛ւնդ` Որդի՜, արեւէն առաջ գովուած է Քու անունդ` Հօր հետ, առաւօտեան լոյսին ծագումին ատեն, ծագէ՛ Քու իմանալի լոյսդ մեր հոգիներուն մէջ»:

Այսպէս, Քրիստոսի «իմաստութեան ու յայտնութեան Հոգին… թող լուսաւորէ ձեր սրտին աչքերը, որպէսզի գիտնաք, թէ ինչպիսի՜ յոյսեր կու տայ Անոր կոչումը, փառքի ի՜նչ ճոխութիւններ ունի Անոր ժառանգութիւնը սուրբերուն մէջ եւ որքա՜ն է Անոր զօրութեան մեծութիւնը մեզի` հաւատացեալներուս համար» (Եփ. 1,17-19), երբ յատկապէս կ՛անսանք Անոր խօսքերուն` մեզի ըսուած այսօր:

Օրինապա՛հ եղէք, ինչպէս Ես, եւ հաւատարի՛մ եղէք ամէնէն փոքր պատուիրանին մէջ, կ՛ըսէ Տէրը: Աստուծոյ կանոններն ու Եկեղեցիին օրէնքները գործադրեցէ՛ք, ինչպէս Ես գործադրեցի:

«Դուք, ուրեմն, կատարեա՛լ եղէք, ինչպէս կատարեալ է ձեր երկնաւոր Հայրը» (Մտթ. 5,48):

Ուշադրութի՛ւն: Օրինապահութենէն ու հաւատարմութենէն քայլ մը յառաջ երթալու պահանջը մեր վրայ կը դնէ Յիսուս, որ հոգեսէր Կատարելութիւնն է: Այսօրուան եւ առօրեային համար երեք պարտաւորութիւններ կը պահանջէ մեզմէ, որ կարենանք ըլլալ համեմող աղը ու սիրաշող լոյսը, բայց մանաւանդ` կատարեալ անձը:

Առաջինն է. «Մի՛ բարկանար եղբօրդ»: Ասով կը վիրաւորես անձնականն ընկերոջդ:

Երկրորդն է` «Յիմար մի՛ կոչեր ընկերդ»: Ասով կը նախատես ընկերայինն եղբօրդ:

Երրորդն է` «Ուրացող մի՛ ըսեր եղբօրդ»: Ասով կը դատես հոգեկանն ընկերոջդ:

Զգո՜ւշ: Եթէ մեզմէ մէկը չպահէ այս երեք տէրունական պահանջները, «արժանի պիտի ըլլայ գեհէնի կրակին»: «Գեհէն» կը նշանակէ «դժոխք, սանդարամետ»:

Այսօրուան համար Աստուածային Դաստիարակին վերջին հրահանգն է.«Եթէ երթաս ընծադ նուիրելու խորանին եւ հոն յիշես, որ եղբայրդ ոխ ունի քու դէմդ, ձգէ՛ ընծադ խորանին առջեւ, գնա՛, նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ապա եկո՛ւր, նուիրէ՛ ընծադ»:

Երեւակայե՛նք րոպէ մը, որ ընտանիքը, միջավայրը, հասարակութիւնը, կուսակցութիւնը, պետութիւնը, Եկեղեցին ու մարդկութիւնը ի՜նչ եւ ինչպէ՜ս պիտի ըլլային, եթէ գործադրէին այս հրահանգը խօսքով ու գործով, նոյնիսկ խաչով իր ուսուցումը կիրարկած Աստուածամարդուն…

Յստակ է եզրայանգումը, որ, սակայն, «մեր գործին չի գար», ինչպէս սովոր ենք ըսել մեր խօսակցութեան մէջ: Անոր «մեր գործին չգալուն» պատճառն ալ յստակ է` մեր եսասիրութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, գոռոզամտութիւնն ու փառատենչութիւնը:

Սակայն, «դուք լեցուեցէ՛ք գութով, ողորմածութեամբ, քաղցրութեամբ, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ:

Հանդուրժեցէ՛ք զիրար, փոխադարձ ներողամտութեամբ. եթէ մէկը միւսին դէմ գանգատ ունի, ինչպէս որ Տէրը ձեզի ներեց Քրիստոսի միջոցով, դուք ալ նոյնը ըրէ՛ք:

Ամէն բանէ վեր` սիրով լեցուեցէ՛ք. սէրը կատարելութեան զօդն է: Ասով` Քրիստոսի խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի ձեր սրտերուն մէջ. այս է նպատակը կոչին, որ ձեզ համախմբեց նոյն Մարմինին մէջ: Քրիստոսի խօսքը թող բնակի ձեր մէջ առատօրէն:

Ինչ որ ընէք խօսքով կամ գործով, զայն ըրէ՛ք Տէր Յիսուսի անունով, եւ անով գոհութիւն մատուցէ՛ք Հայր Աստուծոյ» (Կող. 3,12-16,17 ):

Մարիամ, Տիրամայրը, որ Աստուծոյ խօսքը լսեց ու կատարեց, մեզի թող սորվեցնէ իւրացնել իր ապրելակերպը, որ երբեք չդիպի մեզի, ինչ որ պատահեցաւ մեր նախածնողքին` «արտաքսումն ի դրախտէն»:

 

Այնճար, 9 մարտ 2014

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղ. Հայ Սկաուտի Օրուան Նշում

Յաջորդը

Բալայեանի Նամակը Եւ Ժիրինովսկու Առաջարկը. Արցախը Հայաստանից Բացի, Չի Կարող Լինել Այլ Պետութեան Կազմում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.