Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը. Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները Եւ Աշրաֆ Ռիֆի Վերապահ Մնացին

March 15, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

garavarutyun-14032014Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` շարունակելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը, որպէսզի անոր հիման վրայ ստանայ խորհրդարանին վստահութեան քուէն:

Սակայն տիրող տարակարծութիւնները փարատելու նպատակով ընթացան կողմնակի խորհրդակցութիւններ:

Երկու ժամ ետք նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն հետեւող աղբիւրներ հաստատեցին, որ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները սկսած են չքանալ եւ Պաապտայի մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած երկու ժամուան ջանքերը յանգած են աշխատանքային ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու եւ քիչ ետք կարելի պիտի ըլլայ պաշտօնապէս աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնել:

Ի վերջոյ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ուշ գիշերուան ժամը 11:30-ին նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք բացակայեցաւ նիստէն:

Կառավարութիւնը վաւերացուց իր աշխատանքային ծրագիրը, որուն գծով իրենց վերապահութիւնը յայտնեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներ Սըժաան Քազզի, Ռամզի Ժրէյժ եւ Ալեն Հաքիմ, ինչպէս նաեւ  արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի:

Կէս ժամ տեւած նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ընդարձակ չէ` աւելցնելով, որ տարակարծութիւն պատճառող հարցին շուրջ կարելի եղած է համաձայնութեան մը յանգիլ, սակայն ոմանք վերապահութիւն յայտնած են, որովհետեւ որդեգրուած բանաձեւին մէջ դիմադրութիւնը պետութեան հեղինակութեան չէ առնչուած:

«Այս առումով կառավարութիւնը  դիմադրութեան մասին որդեգրեց հետեւեալ  բանաձեւը. Պետութեան պարտականութիւնն է ընձեռուած բոլոր օրինական միջոցներով ազատագրել Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքները եւ Ղաժար գիւղաքաղաքի լիբանանեան բաժինը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքն է դիմադրել իսրայէլեան բռնագրաւումին, ետ մղել անոր յարձակումները եւ վերադարձնել Լիբանանի բռնագրաւուած հողերը», ըսաւ Ժրէյժ:

Ժրէյժի յայտարարութենէն ետք, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը այսօր պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի ճշդէ վերոնշեալ բանաձեւին վերաբերեալ կուսակցութեան վերջնական կեցուածքը:

Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան աշխատանքային ծրագիրին մանրամասնութիւններուն մասին:

Միւս կողմէ, օրուան ընթացքին կատարուեցաւ այլ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Նատեր Հարիրի եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Դիմադրութեան վերաբերող բանաձեւի տարբերակ մը, որ առաջարկուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոպլաթի կողմէ եւ կը վայելէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի հաւանութիւնը:

Այդ հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը բաղկացնող քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները 90 առ հարիւրով նուազած են եւ շատ հաւանական է, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին համաձայնութիւն մը գոյանայ:

Իր կարգին, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր այս նիստին պիտի վերջնականացնէ իր կեցուածքը` ըլլայ ան դրական թէ ժխտական:

Նշենք սակայն, որ անհամաձայնութեան պարագային վարչապետ Սալամ պատրաստ էր ներկայացնելու իր հրաժարականը:

Նախորդը

Թրիփոլիի Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ակնկալէ, Որ Գերագոյն Պալատը Վերահաստատէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Որոշումը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.