Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Պիտի Շարունակենք Չորս Քաղաքական Ուժերու Ձեւաչափով Աշխատիլ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

March 12, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aghvan-1103ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Առաջին լրատուական»-ին յայտնեց, որ նախորդ շաբաթ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հանդիպման նպատակն էր քննարկել ստեղծուած իրավիճակը, ելքեր որոնել եւ ճշդել համագործակցութեան շրջանակները:

Գագիկ Ծառուկեան նախորդ շաբաթ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ Մարգարեանը, Արմէն Ռուստամեանը եւ Աղուան Վարդանեանը հրաւիրած էր հանդիպման: Իսկ ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Ժառանգութիւնը ժամանակէ մը ի վեր տարբեր հարցերու շուրջ հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն, յաճախ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարց կը բարձրացնեն, երբեմն ալ ընդհանուր իշխանափոխութեան մասին կը խօսին: Վարդանեան ընդգծեց, որ պիտի շարունակեն չորս քաղաքական ուժերու ձեւաչափով աշխատիլ եւ իրենց սկզբունքներն ալ միշտ նոյնը կը մնան` գտնել ընդհանրութիւններ, դնել այն հարցերը, ուր բոլորին մօտեցումները նոյնն են, եւ անկէ ետք դնել իշխանափոխութեան հարցը:

Դաշնակցական պատգամաւորը անգամ մը եւս կրկնեց, որ կան չորս տարբեր քաղաքական ուժեր` իրենց մօտեցումներու տարբերութեամբ, աշխարհահայեացքներու, պատմութեան տարբերութեամբ: «Մենք այս հանգրուանին կարեւոր նկատելով համագործակցութիւնը, լայն հիմքեր ստեղծելը` որոշակի խնդիրներ կը դնենք մեր առջեւ: Այս որոշակի խնդիրը դրուած է, պիտի կարենա՞նք բոլորս համաձայնութեան գալ: Եթէ եղաւ ընդհանուր համաձայնութիւն, անոր մասին կը յայտարարենք եւ ընդհանուր գործողութիւններ կը կատարենք: Անկէ ետք կ՛առնենք յաջորդ քայլը», եզրափակեց դաշնակցական պատգամաւորը:

 

Նախորդը

Բարգաւաճ Հայաստան – Հայ Ազգային Քոնկրես Բարձրաստիճան Հանդիպում

Յաջորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Որոշումը Բողոքարկելու Զուիցերիոյ Կառավարութեան Որոշումի Մասին

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։