Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 14 մարտին Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Ահմեթ Տաւութօղլուի, Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն շրջանին մէջ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ նախապէս տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումներու որոշումներու գործադրութեան ընթացքը:
Նախարարներու նախորդ հանդիպումները տեղի ունեցած են Ուրմիոյ եւ Նախիջեւանի մէջ: 19 փետրուարին տեղի ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:


