
Զուիցերիական «Լը Մաթան» օրաթերթը կը գրէ, որ Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահ Սարգիս Շահինեան անպատասխանատու նկատած է Զուիցերիոյ Վալէ քանթոնի պետական խորհուրդի անդամ Օսքար Ֆրէյզինկըրի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող յայտարարութիւնը:
Վերջինս թրքական «Այտընլըք» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին նշած է.«Թերեւս եղած է, թերեւս` ոչ: Այս հարցը պէտք է բացայայտօրէն քննարկուի»: Բացի ատկէ, ան դէմ կ՛արտայայտուի դպրոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման, որովհետեւ պատմաբանները այդ հարցով համաձայնութեան չեն եկած:
Օսքար Ֆրէյզինկըր 2003-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջնորդագիրի տակ ստորագրած անձնաւորութիւններէն մէկն է:
Ֆրէյզինկըր հարցազրոյց տուած է Տողու Փերինչեքի հարցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումի նիւթին շուրջ: Հարցազրոյցին մէջ զուիցերիացի պաշտօնատարը կ՛ողջունէ դատարանին որոշումը:
Սարգիս Շահինեան կը նշէ, որ «Այտընլըք»-ը Թուրքիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան թերթն է: Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահը կը յայտնէ, որ Օսքար Ֆրէյզինկըր այս ձեւով կը վտանգէ իր հեղինակութիւնը:
«Այդ հարցին կապակցութեամբ ան անպատասխանատու վարքագիծ կը դրսեւորէ եւ կը ստորացնէ Զուիցերիոյ քաղաքականութեան արժանիքները», նշած է Սարգիս Շահինեան:


