Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Տնտեսական Հզօրանքը Խթանելու Տեսլականով. «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ը (Առի) Ներկայացուց Իր Գործունէութեան Զեկուցումը

March 7, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրէն Սարգիսեան` խօսքի պահուն
Սուրէն Սարգիսեան` խօսքի պահուն

Քանի մը տարի առաջ խումբ մը լիբանանահայ գործարարներ գեղեցիկ գաղափարը յղացան Արցախի Հանրապետութեան տնտեսական հզօրանքը խթանող բարգաւաճման  գործառնութեան մը  ձեռնարկելու: Տեսլականը շուտով  «ձեւ ու մարմին»  ստացաւ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) անուան տակ եւ զարկ տրուեցաւ Արցախի հիւսիսը` Շահումեանի Քաշաթաղ շրջանի փլատակ Աղաւնոյ գիւղի (համանուն գետի ափին)  վերակառուցման ու բարգաւաճման:  Հիմնադրութենէն քանի մը տարի ետք, այսօր ԱՌԻ-ն «ծլարձակած» է նոր ԱՌԻ-ներ:

Այս մասին յատուկ զեկուցման հանդիպում մը կայացաւ երէկ` հինգշաբթի, 6 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու մեծաթիւ անդամներու եւ պատկան պատասխանատուներուն: Նախ եւ առաջ խօսք առաւ ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի եռամեայ գործունէութեան եւ նուաճումներուն: «Ներկայիս ԱՌԻ-ի մաս  կը կազմեն հարիւր յիսուն բաժնետէրեր, եւ մեծ յոյս ունինք շուտով հիմնելու նաեւ` ԱՌԻ-4-ը» նշեց Սարգիսեան:

Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան
Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան

Ապա բեմ հրաւիրեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ  եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ իր եւ առաջնորդ սրբազանին անունով ողջունեց  ներկաները` նշելով, որ Ազգային առաջնորդարանն ալ մաս կը կազմէ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու կազմին` նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարելու եւ քաջալեր հանդիսանալու միտումով: Տէր Սարգիս այս առիթով յիշեցուց Աստուածաշունչի այրին, որ խոր հաւատքով իր լումաները տրամադրած էր:  «Օրհնեալ ըլլաք բոլորդ եւ վարձքերնիդ կատար», ընդգծեց տէր հայրը:

Մասիս Ալեքսանտրեան կը ներկայացնէ իր զեկուցումը
Մասիս Ալեքսանտրեան կը ներկայացնէ իր զեկուցումը

Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ-ի վարչական կազմէն Մասիս Ալեքսանտրեան, որ սահիկներու օգնութեամբ մանրամասն զեկուցեց ԱՌԻ-1-ի, ԱՌԻ-2-ի եւ ԱՌԻ-3-ի ընդհանուր գործունէութեան մասին` ընդգծելով, որ ԱՌԻ-ի գործունէութիւնը կ՛ընթանայ յաջող կերպով, հիմնական սկզբունք ունենալով գործունէութեան թափանցիկ ըլլալու հրամայականը: Ալեքսանտրեան աւելցուց, որ ծրագրուած է կառուցել 150 բնակարան` երեք հանգրուաններով: Առաջին հանգրուանը կը նախատեսուի ամբողջացնել յուլիս 2015-ին:

Ան թուեց ԱՌԻ-ի գործունէութեան հիմնական մարզերը, ինչպէս` գիւղատնտեսութիւն, հողագործութիւն, մեղուաբուծութիւն ու ներկայիս` բնակարանային կառուցում, տնաշինութիւն: 143 գիւղեր օգտուած են ԱՌԻ-Ի նախաձեռնած բարգաւաճման ծրագիրներէն: Նմանապէս վարչական կազմի անդամներէն Բենիամին Պչաքճեան իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ ներկայի աշխատանքներուն` նշելով, որ Արցախի պետութեան հետ շատ սերտ գործակցութեամբ կը հետեւին տարուող աշխատանքներուն: ԱՌԻ-ի հրաւէրով անցեալ մարտին Լիբանան ժամանած է Արցախի Հանրապետութեան բնակարանաշինութեան նախարար Կարէն Շահնազարեան եւ գործակցութեան նոր հորիզոններ ծրագրուած են: «Ազգային կառոյցներու մասնակցութիւնը քաջալերող երեւոյթ է եւ վստահութիւն կը ներշնչէ», ընդգծեց Պչաքճեան` կոչ ուղղելով հայ ազգային այլ կառոյցներու եւս` իրենց կարգին մաս կազմելու ԱՌԻ-ի բաժնետէրերու ցանկին: Ան դիտել տուաւ, որ Աղաւնոյ գիւղի ընտրութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ Արցախի Հանրապետութիւն մուտք գործող ամէն մարդ անպայման պիտի անցնի այս գիւղէն, «անիկա Արցախի դարպասն է», շեշտեց Պչաքճեան:

Բենիամին Պչաքճեան կը զեկուցէ
Բենիամին Պչաքճեան կը զեկուցէ

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ Վահան Գասարճեան, որ խօսեցաւ ԱՌԻ-ի իրագործումներուն եւ ապագայի տեսլականներուն մասին: Իր զեկուցումին մէջ Վահան Գասարճեան հաւանական նկատեց ԱՌԻ-ի բարգաւաճումը, «որ կրնայ հասնիլ մինչեւ ԱՌԻ 144», կատակեց ան: Շրջանի բնակչութիւնը 7 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրած է: Ենթակառոյցի մարզի բարգաւաճումով սկսած ԱՌԻ-ի գործառնութիւնները ներկայիս նախաձեռնած են բնակարանային կառուցման, յստակացուց ան ընդգծելով ԱՌԻ-ի գործունէութեան մէջ առաջնահերթ սկզբունք նկատուող թափանցիկ գործունէութիւնը, ճշդապահ յանձնառութիւնը: Ան այս առիթով նշեց, որ ներդրումի սատարող նոր գործարար բաժնետէրերու կարիքը կայ, ու առ այդ, ԱՌԻ-ն իր գործունէութիւնը պիտի ծաւալէ համասփիւռքեան տարողութեամբ, ուր հարիւրաւոր բաժնետէրեր տրամադիր են ներդրում կատարելու:

Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» Մասնաճիւղ. Հրաչ Քէշիշեանի «Գարեգին Նժդեհ» Շարժապատկերի Ներկայացում Եւ Քննարկում

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.