Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

March 7, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլ 2013-ին Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան աշխատանքային այցելութեամբ մը ժամանեց  Լիբանան, ուր այցելեց գործող հայկական վարժարաններն ու կրթական հաստատութիւնները, ծանօթացաւ անոնց գործունէութեան եւ տեսակցեցաւ կրթական պատասխանատուներուն հետ: Այս հանդիպումներէն ետք, երբ կը մշակուէր Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրը, կարիքը զգացուեցաւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւն մը կատարելու Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մասին. ծրագիր մը, որ իրականացաւ շնորհիւ մանկավարժ դոկտ. Հուրիկ Ադդարեանի ջանքերուն: Դոկտ. Ադդարեան իր կարգին անցնող ամիսներուն գործուղուեցաւ Լիբանան, ուր հայկական վարժարաններուն մէջ եւ հանդիպումներու շարքով մը իր տեղեկահաւաքը ամբողջացնելէ ետք, իր ուսումնասիրութիւնը ամփոփեց «Դպրոցները եւ կրթութիւնը լիբանանահայ համայնքին մէջ. ուսուցում, ուսումնառութիւն, գործելաոճ. նոր մշակոյթի մը անհրաժեշտութիւնը» խորագրեալ համապարփակ տեղեկագիրին մէջ: Սոյն տեղեկագիրին հրատարակման առիթով 10-14 մարտ 2014-ին դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանն ու դոկտ. Հուրիկ Ադդարեանը կը վերադառնան Լիբանան` միասնաբար տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ ունենալու լիբանանահայ համայնքի ուսումնական եւ կրթական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ, տեղեկագիրը ներկայացնելու համար:

Լիբանանահայ դպրոցներու մասին այս տեղեկագիրին հրապարակման զուգահեռ, դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան հանրութեան պիտի ներկայացնէ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրը, որուն մշակումը աւարտած է, եւ որուն հիմամբ ճշդուած են բաժանմունքի 2014- 2018 տարիներու աշխատանքային առաջնահերթութիւններն ու գործունէութեան ուղղութիւնները:

«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

 

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Խմբային Ախոյեանութիւն (Տղաք). ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գրաւեցին Իրենց Խմբակներուն Պարագլուխի Դիրքերը

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Տնտեսական Հզօրանքը Խթանելու Տեսլականով. «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ը (Առի) Ներկայացուց Իր Գործունէութեան Զեկուցումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.