Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1964)

March 7, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

«Պնակ Մը Կերակուր»-ի
Հանգանակութիւնը

Վաղը` կիրակի, 8 մարտ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը եւ իրենց օժանդակ յանձնախումբերը պիտի շրջին տունէ տուն` «Պնակ մը կերակուր»-ի տարեկան հանգանակութեան համար:

Բաւական բան ըսուած է այս նախաձեռնութեան մասին, որ աւանդութիւն դարձած է այլեւս:

«Քիչ նուիրելով` շատ նպաստել», կամ` «կաթիլ»-ներով լիճ գոյացնել: Կարելի զոհաբերութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ դիւրացնել անկարելիութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին հաւաքական-հանրային մեր կեանքին մէջ, բազմահազար չքաւոր կամ անկար հայ մարդոց տնտեսական կամ ընկերային դժբախտութեան պատճառով:

Ատեն մը զգացական տրամադրութիւններով միայն կու տար մեր ժողովուրդը, մարդասիրական կամ այլասիրական զգացումին մղումովը միայն: Ու տալէ ետք չէր մտածեր մնացեալի մասին:

Այսօր ներելի չէ լոկ զգացականօրէն շարժիլ: Պարտաւոր ենք գիտակցիլ, թէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը «ցրուող» կամ «բաշխող» մը չէ միայն, այլ արթնօրէն բռնած է մեր ժողովուրդին բազկերակը` գտնելու համար անոր տկար կամ վիրաւոր կողմերը եւ ըստ այնմ մատակարարելու համար իրեն յանձնուած գումարները:

Կամայական կարգադրութեան մը կամ պատահական քմահաճոյքի մը արդիւնքը չէ այն իրողութիւնը, որ բովանդակ գաղթաշխարհի մէջ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը կրթական եւ դաստիարակչական մարզերու վրայ կեդրոնացուցած են իրենց աշխատանքը եւ ուշադրութիւնը, ու հանգանակութեանց եւ կամ նուիրատուութեանց գումարներու մեծագոյն տոկոսը կը յատկացնեն կարօտ ծնողներու ուսումնատենչ զաւակներուն մարմնաւոր եւ մտաւոր սնունդին, հոգեկան աշխարհի կազմաւորման, հայեցի ու տոհմիկ դաստիարակութեան, եւ հնարաւորութեան սահմաններու մէջ` նոր սերունդի մասնագիտական պատրաստութեան:

Օգնութեան խաչը, համազգային այլ կազմակերպութիւններու կողքին, ընկերային ու ազգային ընդհանրական առաքելութեան մը կոչուած է յիսուն տարիէ ի վեր, եւ մեր օրերուն,  աւելի քան երբեք, կենսական դեր ունի կատարելիք: Մեր նոր միջավայրերուն մէջ, տնտեսական համեմատական կամ յարաբերական վերելք արձանագրած ըլլալով հանդերձ, կենսականօրէն պէտք ունինք ընկերային նոր յենարաններու, այժմեան պայմաններու եւ ստիպողութեանց համաձայն սերունդ դաստիարակելու համար: Մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր մեզի ընծայուած պետական օժանդակութիւններ չկան եւ հայ բազմութիւններ չքաւորներու մեծ թիւ մը ունին իրենց ծոցին մէջ: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը պարտականութիւն կը զգայ անտէր եւ անօգնական չձգելու մեր ժողովուրդի կարօտ զաւակները:

Եւ, անշուշտ, այս ուղղութեամբ, առաւելապէս կը վստահի մեր հոծ զանգուածներու ոչ միայն զգացումին, այլեւ` գիտակցութեան: Ո՛չ միայն այլասիրութեան, այլեւ` ազգային մտածողութեան:

Վաղուան հանգանակութիւնը առիթ մը թող ըլլայ ազգային գիտակցութեան այս «քննութիւնը» յաջողութեամբ անցընելու:

Պէտք է տանք` տալու մեր առաւելագոյն կարելիութիւններուն չափով, ո՛չ թէ «ողորմած» մարդու սրտով ու հոգիով, այլ` ընկերային աջակցութիւն մը կատարած ըլլալու խոր գիտակցութեամբ:

«Պնակ մը կերակուր»-ը միջոց մը եւ նպատակ մըն է անտարակոյս: Սակայն հիմնական եւ ընդհանրական ձգտումը ընկերային մեր բոլոր տեսակի խոցերը դարմանուած տեսնելու գիտակցութիւնը պէտք է ըլլայ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Կարելի՞ Է Հերի Փոթըրի Մէկ Գիրքը Կարդալ 90 Վայրկեանէն

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.