
Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Քազզի յայտնեց, որ Էօզեըլտըզի հետ քննարկած է երկու երկիրներու աշխատանքի նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Քազզի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին թուրք դեսպանին փոխանցած է նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակման մանրամասնութիւնները. այս առնչութեամբ Էօզեըլտըզ յայտնած է, թէ Թուրքիա եւ բոլոր այն պետութիւնները, որոնք կը սիրեն Լիբանանը եւ կը ցանկան անոր ապահովական կայունութիւնը, կը փափաքին, որ նորակազմ կառավարութիւնը ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
Էօզեըլտըզ յաջողութիւն մաղթեց Քազզիի եւ նշեց, որ Անգարա լաւատես է, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
Թուրք դեսպանը շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի մասնակցի Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով այսօր գումարուելիք Փարիզի խորհրդաժողովին:


